image

Զոհուած օդաչուները պիտի յուղարկաւորուին Եռաբլուրի մէջ․ ՊՆ

Զոհուած օդաչուները պիտի յուղարկաւորուին Եռաբլուրի մէջ․ ՊՆ

4 Դեկտեմբերին օդանաւային պատահարի հետեւանքով զոհուած 1-ին կարգի օդաչու, փոխգնդապետ Արմէն Սլավիկի Բաբայեանը եւ 3-րդ կարգի օդաչու, մայոր Մովսէս Գէորգի Մանուկեանը պիտի յուղարկաւորուին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Յիշեցնենք, որ երէկ առաւօտեան օդանաւային վթարի ենթարկուած է ՀՀ ԶՈւ Սու-25 ուսումնամարտական օդանաւը։ Գիւմրիէն օդ բարձրացած ուսումնամարտական օդանաւի հետ կապը կորսուած էր մեկնարկէն 15 րոպէ անց։ Որոնողական աշխատանքներէն ետք յայտնի դարձած էր, որ օդանաւը ինկած է Մարալիկի մօտ գտնուող լեռնային տեղանքին մէջ, 2 օդաչուներն ալ զոհուած են։