image

Ուքրանական անօդաչուները յարձակած են Ռուսիոյ տարածքի նաւթի պահեստներու վրայ

Ուքրանական անօդաչուները յարձակած են Ռուսիոյ տարածքի նաւթի պահեստներու վրայ

Ռուսիոյ ՊՆ-ն յայտնած էր, որ հինգշաբթի գիշեր Ռուսիոյ եօթ շրջանի մէջ որսացած են ուքրանական 15 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ վեցը՝ Ատիկէայի, իսկ երեքը՝ Քրասնոտարի երկրամասի տարածքին մէջ։

Ատիգկէայի եւ Թամպովի մարզերուն մէջ յարձակման ենթարկուած են նաւթավերամշակման գործարանները, նաւթի պահեստը, այնտեղ հրդեհներ բռնկած են։ Քուպանի մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու անօդաչու թռչող սարքը ամբողջութեամբ աւերած է բնակելի շէնքը։

Անօդաչու սարքի հարուածի հետեւանքով պայթում տեղի ունեցած է նաեւ Փլաթոնովսքի նաւթային պահեստին մէջ, որմէ ետք հրդեհ բռնկած է՝ յայտնած է Թամպովի մարզի նահանգապետը եւ նշած, որ տուժածներ չկան։