Ինչ որ քիչ առաջ՝ երէկ ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ Պէյրութի փողոցներուն մէջ, աղբերը հրկիզելու եւ ճամբաները այդ հրկիզուած աղբով փակելու իմաստով, տգեղ փորձ մըն է հակամարտ համայնքներուն մօտ տիրող կացութեան գծով ընդվզումը հրահրելու, խեղաթիւրելու այսօր իրիկուն տեղի ունենալիք ժողովրդային եւ քաղաքացիական շարժումին բնոյթը եւ վարչապետին մղելու հրաժարական տալու: Մինչդեռ եղածին համար ոչ թէ մէկ կողմ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի, այլ ամբողջ վերնախաւը: Բոլորն ալ պէտք է հրաժարական տան: