image

«Բոլորը տուն պիտի ղրկենք». Թրամփ սքանտալային յայտարարութիւն կատարեց

«Բոլորը տուն պիտի ղրկենք». Թրամփ սքանտալային յայտարարութիւն կատարեց

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած է, եթէ յաղթէ 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, պիտի սկսի պատմութեան մէջ Միացեալ Նահանգներէն անօրինական գաղթականներու ամենամեծ արտաքսումը։

«Մենք այստեղ միլիոնաւոր ու միլիոնաւոր մարդիկ ունինք... Տեսա՞ծ էք, թէ ինչ կը կատարուի Նիւ Եորքի մէջ, ուր հասարակ ուսանողները դուրս կը մնան դպրոցէն եւ անոնց փոխարէն գաղթականներ կը բերեն։ Մեզի կը սպասէ մեր երկրի պատմութեան մէջ ամենամեծ արտաքսումը: Մենք բոլորը պիտի վերադարձնենք այնտեղ, ուրկէ եկած են», - Այովայի մէջ կողմնակիցներու հետ հանդիպման ըսած է Թրամփ: Հեռարձակումն իրականացուցած է Fox News-ը։

Նախապէս Թրամփ բազմիցս քննադատած է նախագահ Ճօ Պայտընի ներկայիս վարչակազմը, այդ շարքին՝ գաղթականներու քաղաքականութեան պատճառով։ Մասնաւորապէս, Թրամփ կը կարծէ, որ Պայտընի օրօք ամերիկեան քաղաքները լեցուած են անօթեւաններով, թմրամոլներով եւ յանցագործներով։

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները նշանակուած են 2024 թուականի նոյեմբերին։ Թրամփ 2022 թուականի նոյեմբերին յայտարարած է, որ պայքարի մէջ պիտի մտնէ պետական բարձրագոյն պաշտօնի համար։ Գործող նախագահ Պայտընը յայտարարած է 2023 թուականի ապրիլին վերընտրուելու իր մտադրութեան մասին։