Լիբանանահայ հրապարակախօս եւ ազգային գործիչ՝ Վիգէն Աւագեանի գրիչէն կը կարդանք՝
Օրացոյցի թերթիկը կը յիշեցնէ, որ այսօր 13 Ապրիլ է. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին յիշատակման օրն է։
49 տարի առաջ, այսօրուան պէս, 13 Ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմէնէի օթոպիւսին տխրահռչակ դէպքով Լիբանան մտաւ քաղաքացիական երկա՜ր պատերազմի
մը մէջ, որուն զինուորական ճակատումներուն հանգրուանը աւարտեցաւ Թաէֆէի 1989-ի համաձայնութեամբ, բայց քաղաքական, տնտեսական, քարոզչական-տեղեկատուական ճակատումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր, բոլոր ճակատներու վրայ եւ պարբերական սաստկութեամբ։
49 տարի ետք, այսօր, պատերազմը տակաւին կանգ չէ առած։ Պարզապէս զէնքերն են, որոնք փոխուած են։ Գնդացիրին փոխարինած է տոլարի զէնքը, թնդանօթին եւ հրասայլին տեղը գրաւած են տնտեսական ճնշումները եւ ընկերային ցանցերու գրոհները, որոնք օրական աւերներ կը գործեն։ Այլապէս, լիբանանցիք տակաւին ելեկտրականութիւն եւ ջուր կը մուրան։ Ալիւրի եւ վառելանիւթի տագնապներ կը դիմագրաւեն։ Փուռերու եւ դեղարաններու առջեւ երկար շարքեր կը կազմեն, իսկ օտար դեսպանատուներու առջեւ… արտագաղթի
համար պոչ կը բռնեն։
Ճիշդ է, աւազէ պատնէշներ չկան այլեւս շրջաններու միջեւ, բայց անոնց փոխարէն բարձրացած են շատ աւելի վտանգաւոր՝ քաղաքական-հոգեբանական պատնէշներ, որոնք անկարելի կը դարձնեն կողմերու միջեւ երկխօսութիւնն ու համախոհութիւնը, համաձայնութիւնն ու ազգային միացեալ տեսլականներու մշակումը։
Լիբանանցիք մինչեւ հիմա դասեր քաղած պէտք է ըլլային իրենց երկարամեայ պատերազմէն, թանկագին զոհերէն եւ միլիառներու հասնող վնասներէն։ Իսկ այդ
դասերէն մեծագոյնը, անկասկած, պէտք էր ըլլար ա՛յն, որ համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ քաղաքական խայտաբղէտ հոսանքներու այս երկիրը կը
գոյատեւէ դիմացինը ընդունելով այնպէս ինչպէս որ է։ Ո՛չ ոք կրնայ ջնջել ոչ ոքի։ Ո՛չ ոք ինքզինք կրնայ պարտադրել դիմացինին։ Մերժումը եւ անտեսումը տեղ չունին այս երկրին մէջ, որովհետեւ վերջաւորութեան բոլորը պիտի գոյակցին միասնաբար՝ համախոհական ժողովրդավարութեան սկզբունքով։ Բոլորը պիտի նստին բանակցութեան նոյն սեղանին շուրջ՝ միասնաբա՛ր լուծումներ գտնելու իրենց սնանկացած հայրենիքին եւ անոր կազմաքանդուած պետութեան ահաւոր կացութեան։
Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի բռնկումի 47-րդ տարելիցին այս օրը նաեւ առիթ է յիշելու բոլոր անոնք, որոնք ինկան այդ պատերազմին ընթացքին։
Ինկողներու շարքին էին բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք զոհ գացին պատերազմի
կոյր ռմբակոծումներուն եւ կամ հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութեան
հերոսական կռիւներուն։ Շատերը զոհուեցան հայութեան դրական չէզոքութեան
քաղաքականութեան պահպանման ի խնդիր, հայ համայնքի ինքնուրոյն կեցուածքներուն եւ սեփական շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր։ Շատերը ինկան իրենց ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու ճամբուն վրայ, իսկ շատ-շատերն ալ կենդանի նահատակներ դարձան իրենց նմաններուն մատուցած անմնացորդ ծառայութիւններուն ճամբով։
13 Ապրիլ է այսօր։
Օրն է յիշելու բոլորը մէկ առ մէկ՝ նահատակներէն մինչեւ անձնազոհները, պատնէշի վրայ ինկողներէն մինչեւ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային պայքարի ճակատներուն վրայ մարտնչած բոլոր նուիրեալները։ Բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ միասնականութեան։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք խոր համոզումով հաւատացին ամուր, կազմակերպ եւ կենսունակ լիբանանահայութեամբ հզօր եւ անընկճելի հայութիւն մը ունենալու համահայկական անժխտելի հրամայականին։