image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ բոլորը կ'ուզեն, որ Չինաստան-Հայաստան յարաբերութիւնները զարգանան. Չինաստանի դեսպան

Ոչ բոլորը կ'ուզեն, որ Չինաստան-Հայաստան յարաբերութիւնները զարգանան. Չինաստանի դեսպան

Փեքին դէմ է Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտութեան։ Այս մասին 17 օգոստոսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի մօտ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆան Եուն։

«Բայց մենք վստահ ենք, որ մեր յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ձգտումն անսասան է։ Չինաստան դէմ է ցանկացած պատրուակով Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելուն։ Մենք պատրաստ ենք համագործակցիլ Հայաստանի հետ՝ լուծելու աւանդական եւ ոչ աւանդական հակամարտութիւնները։ Մենք պատրաստ ենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար»,-նշած է ան։

Դեսպանը յիշեցուցած է, որ Չինաստանն ու Հայաստանը հնագոյն քաղաքակրթութիւններ են եւ ունին նմանատիպ հայեացքներ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով Երեւանի հետ համագործակցիլ՝ ուղղուած համաշխարհային զարգացման:

«Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սկսած են հազարամեակներ առաջ՝ Մետաքսի ճանապարհի ժամանակներէն։ Բացի այդ, Չինաստան առաջիններէն է, որ Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ հաստատած է 20-րդ դարու վերջաւորութեան անոր անկախացումէն յետոյ»,-նշած է դիւանագէտը։

Ան պարզաբանած է, որ զարգացման չինական մոտելը կը բացառէ գերիշանութիւնը եւ կ'ենթադրէ հաւասարութիւն եւ շահերու ներդաշնակութեան հիման վրայ խաղաղութեան ձգտում:

«Արձագանգելով միջազգային իրավիճակի փոփոխութիւններուն՝ հակամարտութիւններու հիմնական պատճառները լուծելու նպատակով, Չինաստան կոչ կ'ընէ միասին գործելու փոխուող եւ անհանգիստ աշխարհին մէջ ՝ յանուն ընդհանուր ապագայի։

Չինաստան լուրջ արդիւնքներու հասած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ եւ ՄԱԿ-ի երկրորդ խաղաղապահ ուժն է ՝ աշխուժօրէն հանդէս գալով երկխօսութեան օգտին:

Չինաստան կողմ է քաղաքակրթութիւններու հաւասարութիւնը յարգելու, երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան, արժէքներու փոխանակման եւ դէմ է քաղաքակրթութիւններու բախումներուն»,-նշած է դեսպանը։ 

Դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ Փեքինի միջնորդութեամբ Սէուտական Արաբիա եւ Իրան վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ:

Անոր խօսքով՝ նշուած բոլոր ուղղութիւնները կ'ենթադրեն յարաբերութիւններու զարգացում նաեւ Հայաստանի հետ։

Ան յոյս յայտնած է, որ այդ կը համապատասխանէ Հայաստանի ծրագիրներուն՝ յայտնելով Չինաստանի աջակցութեան պատրաստակամութիւնը:

«Զանգեզուրի միջանցք»ի հետ կապ չունինք

Նաեւ դեսպան Ֆան Եուն՝ պատասխանելով Հայաստանի տարածքով անցնող ճանապարհի մասին Ատրպէյճանի հռետորաբանութիւնը մեկնաբանելու խնդրանքին, որ Պաքուն կը ցանկայ ստանալ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» տեսքով, ան ըսած է, թէ չինական «Մէկ գօտի՝ մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը անոր հետ կապ չունի։

Ան պարզաբանած է, որ «Մէկ գօտի՝ մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը կը նպաստէ ընդհանուր զարգացման ու բարգաւաճման։ «Եւ չենք կրնար ըսել, որ այն կապ ունի այդ հարցին հետ»,- նշած է դեսպանը։

Ան աւելցուցած է, որ Չինաստանի դիրքորոշումն այն է, որ հարցերը պէտք է լուծուին խաղաղ եւ երկխօսութեան ճանապարհով։

Դեսպանը յոյս  յայտնած է, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան կը կարողանան շուտափոյթ համաձայնութեան գալ։