image

Յոյսեր ունինք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները շուտով կը վերսկսին բանակցութիւնները. Ռիչըրտ Հոքլանտ

Յոյսեր ունինք,  որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները շուտով կը վերսկսին բանակցութիւնները. Ռիչըրտ Հոքլանտ

ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղուող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները  ճիգեր կը գործադրեն , որպէսզի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոցնախարարները     հանդիպին: Այդ մասին ազրպէյճանական APA գործակալութեան յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոքլանտը:Ան  ըսած է.« Կը մաղթենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները շուտով կը վերսկսին բանակցելու»։