image

Կը սպասուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջգերատեսչական հանդիպում. օրակարգը յայտնի է

Կը սպասուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջգերատեսչական հանդիպում. օրակարգը յայտնի է

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները շուտով պիտի հանդիպին՝ գնահատելու Գիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերագործարկման պայմանները, «Ազատութեան» յայտնած է հայ-թրքական կարգաւորման հարցով Հայաստանի բանագնաց, խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը։ Ըստ անոր, սակայն, դեռ հանդիպման օր չէ նշանակուած։

«Ինչպէս նախկինում արել ենք, օրինակ, Մարգարայի կամրջի վերաբերեալ համատեղ հետազօտութիւն, շուտով նման հետազօտութեան համար հանդիպում կը լինի միջգերատեսչական Հայաստանի եւ Թուրքիայի ներկայացուցիչների, որպէսզի այս պայմանաւորուածութիւնը իրագործենք, նկատի ունեմ՝ գնահատելու համար պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Գիւմրի-Կարս երկաթգծի վերագործարկման համար», -ըսած է ան։

Ու թէեւ աւելի քան երկու տարի առաջ ձեռք բերուած մէկ այլ պայմանաւորուածութիւն՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանի բացումը, դեռ կեանքի չէ կոչուած, 24 հոկտեմբերին, արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանը լաւատեսութեան եւ նոր ձեռքբերումներու մասին կը խօսէր. - «Ես զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը յայտնեմ, թերեւս այս անգամ մի փոքր աւելի պակաս զգուշաւոր եւ մի փոքր աւելի շատ հաստատ լաւատեսութիւն: Մեր խօսակցութիւնը բաւականին դրական տեմպերով է զարգանում, բովանդակութիւն ունի, եւ յոյսս այն է, որ շատ մօտ ապագայում մենք կը տեսնենք նոր, յետոյ էլի նոր շօշափելի ձեռքբերումներ»։

Ռուբէն Ռուբինեանը, որ անցեալ ամիս յայտարարած էր՝ Երեւանը յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Անգարայէն քաղաքական կամք կ՚ակնկալէ, այս անգամ ընդհանուր խօսած է, ըսած է՝ քննարկումները կը նպաստեն, որ կողմերը իրար դիրքորոշումները աւելի լաւ ընկալեն։

Իսկ եթէ քաղաքական կամք չկայ, ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններն ալ կեանքի չեն կոչուած, այդ պարագային ի՞նչ ակնկալիքներ կան նոր ծրագրերէն հարցին, Ռուբինեանը  պատասխանած է. «Մենք ակնկալիքներ ունենք, որ մեր բոլոր ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները կ՚իրագործուին, եւ ընդհանուր առմամբ մենք ակնկալիք ունենք, որ կարգաւորման գործընթացը կ՚աւարտուի դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմամբ եւ սահմանների բացմամբ։ Մենք պատրաստ ենք դա անել հենց վաղը»։