image

Պոլիս. «Հանդիպում» փառատօնի երկրորդը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2026-ին

Պոլիս. «Հանդիպում» փառատօնի երկրորդը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2026-ին

Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութիւնը յայտարարած է «Հանդիպում» փառատօնին երկրորդը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2026-ին Պոլսոյ մէջ։

Անցեալ տարի, Արեւմտահայերէնի շուրջ համերգներով, աշխատանոցներով ու պտոյտներով կատարուած «Հանդիպում» փառատօնը այս տարի ալ տեղի պիտի ունենայ միութեան երդիկին տակ եւ այլ տեղեր քաղաքին մէջ։

CultureCivic-ի աջակցութեամբ կազմակերպուող փառատօնին նպատակն է, կեանք տալ արեւմտահայերէնին, իր ծնունդ առած վայրին մէջ։

Ծրագրիրը կը ընդգրկէ շուրջ 50 ձեռնարկ, որոնց մանրամասնութիւնները շուտով պիտի յայտարարուին Եսայեան Միութեան ընկերային էջերուն միջոցաւ։

 

Լուրը՝ «Ակօս»էն