image

Վրաց խոհրդարանին մէջ՝ ծեծկռտուք

Վրաց խոհրդարանին մէջ՝ ծեծկռտուք

Խորհրդարանի մէջ Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Վախթանկ Կոմելաուրիի ելոյթի ժամանակ պատգամաւորները ծեծկռտուք սարքած են։ Այս մասին յայտնած է Sputnik Կրուզիան։

Իրավիճակը սրուած է «Ակմաշենեպելի ռազմավարութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Կիորկի Վաշաձէի կտրուկ յայտարարութիւններէն ետք՝ ուղղուած «Ժողովուրդի ուժ» եւ իշխող «Վրացական երազանքի» ներկայացուցիչներուն։

Ընդդիմութեան եւ մեծամասնութեան միջեւ փոխադարձ վիրաւորանքները վերածուած են ծեծկռտուքի Վաշաձէի եւ «Ժողովուրդի ուժ» կուսակցութեան պատգամաւոր Տաչի Պերայի միջեւ։ Անոնց բաժնել հնարաւոր եղած է միայն գործընկերներու ու կարգադրիչներու միջամտութենէն ետք: