Սթաւրոփոլի երկրամասի Միներալնիէ Վոտի քաղաքին մէջ գնչուներու հարսանիքը ծեծկռտուքով աւարտած է. 29 մարդ բերման ենթարկուած է ։
Shot թելեկրամեան տուեալներով՝ ծեծկռտուքի պատճառը շամփայնի թափուած բաժակը եղած է: Երբ հիւրերէն մէկը պատահաբար շամփայնը բաժակէն թափած է այլ հիւրի վրայ, որու հետեւանքով սկսած է ծեծկռտուք։ Ճաշարանի աշխատակիցները փորձած են բաժնել եւ հանգստացնել հիւրերը, սակայն ի վերջոյ ոստիկանութիւն կանչած են ։
Ծեծկռտուքին ինը մասնակից վարչական պատիժ ստացած է «Մանր խուլիգանութիւն» յօդուածով։