Երէկ՝ 17 սեպտեմբերին, վիճաբանութիւն, ծեծկռտուք եւ կրակոցներ հնչած են Կոտայքի մարզի մէջ։ Յայտնած է shamshyan.com-ը:
Ժամը 22:50-ի սահմաններուն «Հրազդան» բժշկական կեդրոնէն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութեան օպերատիւ կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «աջ քունքային շրջանի սալջարդ վէրք, մարմնի բազմակի սալջարդեր» ախտորոշմամբ իրենց մօտ բուժօգնութեան տեղափոխուած է քաղաքացի մը։
Բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորն ի վիճակի չէ կատարուածի մասին բացատրութիւն տալու, քանի որ կը գտնուի վիրահատարան։ Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Հրազդան քաղաքի բնակիչ 32-ամեայ Տիգրան Խ․-ն է։
Մինչ ոստիկանները կը պարզէին դէպքի հանգամանքները, հիւանդանոց կը տեղափոխուի «ձախ քունքային շրջանի եւ աջ ականջի շրջանի սալջարդ վէրքեր» ախտորոշմամբ քաղաքացի մը։ Ոստիկանները կը պարզեն, որ ան նոյնպէս Հրազդանի բնակիչ 50-ամեայ Գնել Խ․-ն է։
Ոստիկանութիւնն ու պարեկները պարզած են, որ նոյն օրը ժամը 22:00-ի սահմաններուն Հրազդան քաղաքի Կեդրոն թաղամասի 3-րդ շէնքի բակին մէջ Հրազդան քաղաքի բնակիչներ 34-ամեայ Գարիկ Հ․-ն, 37-ամեայ Լեւոն Ս․-ն եւ 36-ամեայ Միխաիլ Մ․-ն վիճաբանած են հիւանդանոց տեղափոխուած Տիգրան Խ-ի եւ Գնել Խ․-ի հետ, որու ընթացքին հարուածներ հասցուցած իրար, իսկ ըստ դաշտային տուեալներու Լեւոն Ս․-ն իր մօտ եղած ատրճանակէն կրակոցներ արձակած է գետնին, որմէ ետք նշուած անձինք դիմած են փախուստի։
Դէպքի փաստով քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։
Ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ Գարիկ Հ․-ն, Լեւոն Ս․-ն եւ Միխաիլ Մ․-ն, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան գործիք ատրճանակը յայտնաբերելու ուղղութեամբ։
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ վիրաւորները հայր ու որդի են, իսկ դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած ՎԱԶ-2121 մակնիշի մեքենան վարած է Գարիկ Հ․-ն։