Քոսովոյի խորհրդարանին մէջ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է այն բանէն ետք, երբ ընդդիմադիր օրէնսդիրը բարձրացած է ամպիոն, ուրկէ ելոյթ կ'ունենար վարչապետը եւ ջուր թափած անոր վրայ:
Ինչպէս նշած է yahoo.com-ը, վարչապետ Ալպին Քուրթին այդ պահուն կը խօսէր ալպանացիներու եւ սերպերու միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու ջանքերու մասին: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնը երկար ժամանակ քննադատած է Քուրթին վատթարացող յարաբերութիւններու համար:
Խորհրդարանի դահլիճին մէջ առնուած տեսանիւթին մէջ կ'երեւի, որ ընդդիմադիր կուսակցութեան պատգամաւորը ջուր թափած է Քուրթիի եւ անոր տեղակալի վրայ։ Ապա ծեծկռտուք տեղի ունեցած է, երբ ամպիոնին մօտեցած են ընդդիմադիր եւ իշխանական դաշինքի այլ պատգամաւորներ:
Քուրթին հեռացուցած են ամպիոնէն, երկու կողմերու օրէնսդիրները յարձակած են իրար վրայ, մինչեւ ոստիկանութեան միջամտումը: