Ապրիլ 17-ին, վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Այդ օրը ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան ընդհանուր վարչութեան Նոր Նորքի բաժնէն ներս տեղեկութիւն ստացուած է, որ Թոթովենցի փողոցին վրայ գտնուող թիւ 164 դպրոցին մէջ վիճաբանութիւն տեղի կ՚ունենայ։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ ոստիկանները պարզած են, որ նոյն օրը ժամը 10։45-ի սահմաններուն նշուած դպրոցին մէջ վիճաբանութեան ժամանակ Երեւանի բնակիչ 13-ամեայ Վ․ ն, 42-ամեայ Առնօ Մ․-ն եւ 14-ամեայ Ռ․ ն հարուածներ հասցուցած են 13-ամեայ Հ․-ի մարմնի տարբեր մասերուն՝ պատճառելով մարմնական վնասուածքներ։
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քննչական բաժին։