Արցախի փրկարարները 11 յունուարին որոնողական աշխատանքներ կ'իրականացնեն մարտական գործողութիւններու՝ Ասկերանի վերին ենթաշրջանի (Սղնախ), Մարտունիի, Հատրութի, Մեխակաւանի (Ջապրայիլ), Որոտանի (Ղուպաթլու) հատուածներուն մէջ:
Այս մասին «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը՝ աւելցնելով, որ բոլոր վայրերուն մէջ միաժամանակ պիտի աշխատին հնարաւոր թաքնուածներ որոնող խումբեր: