Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է Եւրոպական Միութեան, խնդրելով անկէ օգնութիւն` նախընտրական շրջանին արտաքին միջամտութեան եւ ապատեղեկատուութեան տարածման դէմ պայքարելու համար:
ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլաս անդրադառնալով այս դիմումին յայտնած է, թէ կը քննարկեն նման օգնութիւն տրամադրելու հարցը, ինչպէս որ ըրած էին Մոլտովայի ընտրութիւններուն առթիւ` Ռուսական միջամտութեան հակազդելու համար:
Թէեւ Հայկական կողմը սպասուող միջամտութիւնը չի հասցէագրեր` Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները աւելի չսրելու համար, սակայն յստակ է, որ գլխաւոր միջամտութիւնը կը սպասուի «հիւսիսի դաշնակիցէն»: Վերջին տարիներուն Երեւանի վարած արտաքին բազմաբեւեռ քաղաքականութիւնը եւ Արեւմուտքի հետ առաւել սերտացող յարաբերութիւնները լաւ չեն ընկալուիր Քրեմլինի կողմէ ու հետեւաբար Ռուսաստան պիտի ուզէ իշխանութեան վրայ տեսնել իրեն աւելի ընդունելի ղեկավարութիւն մը:
Ընտրութիւններէն վեց ամիս առաջ հրապարակը արդէն իսկ ողողուած է ապատեղեկատուութեան ու բացայայտ սուտ բովանդակութեամբ լուրերով: Գլխաւոր թիրախը երկրի պետական կառոյցներն են ու կառավարող ուժի ներկայացուցիչներու անձն ու ընտանիքի անդամները: Անոնց մասին կեղծիքներ տարածելով փորձ կը կատարուի հասարակութեան մօտ ստեղծել անվստահութեան մթնոլորտ ու հակակրանք` իշխանութիւններուն հանդէպ:
Ներկայ դրութեամբ իշխանութիւնները բաւարար միջոցներ չունին` տարբեր կողմերէ եկող ապատեղեկատուութեան« կամ ինչպէս կ’ըսեն` «հիպիրթային» սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու համար: Միւս կողմէ սակայն, ԵՄ-ն ունի արտաքին տեղեկատուութեան շահագործման եւ միջամտութեան յատուկ ծրագիր, որ համակարգուած կերպով կը հետեւի, կը վերլուծէ ու կը հակազդէ ապատեղեկատուութեան քարոզարշաւներուն` ներառեալ անոնք, որոնք կապուած են Ռուսաստանի հետ: Այս ծրագիրը կը ներառէ իրավիճակային իրազեկում, արագ ահազանգեր եւ դիւանագիտական արձագանգ:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը բողոքէ Եւրոպական Միութեան ուղղուած այս դիմումին դէմ: Այդ քայլը համարելով միջամտութիւն` երկրի ներքին գործերուն ու ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու միջոց:
Հայաստանը այն հազուագիւտ երկիրներէն է, ուր ընդդիմութիւնը ունի աւելի մեծ նիւթական ու լրատուական միջոցներ քան իշխանութիւնները` ազդելու համար հասարակական կարծիքի վրայ: Ռուսաստանաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի հայաստան «գործուղումը» իշխանութիւնը փոխելու ծրագրին մաս կը կազմէ, սակայն ան առանձինը չի կրնար յաջողութեան հասնիլ ու իրեն որպէս սատարող, կարիքն ունի ռուսական տեղկեկատուութեան ցանցին. որ ազատօրէն կը սփռուի Հայաստանի մէջ ու նաեւ ապատեղկատուութեան «խոհանոցին», ուր կ’աշխատին հազարաւոր մասնագէտներ, որոնք լաւապէս ծանօթ են իրենց թիրախաւորած երկրի հասարա-կութեան տրամադրութիւններուն եւ առկայ խնդիրներուն:
2026-ի Յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները կոչուած են դառնալու ամենէն կարեւորը` Հայաստանի վերջին տասնամեակի պատմութեան մէջ: Նժարի վրայ է երկրի ժողովրդավարութիւնը, որուն համար պէտք է դիմել նախազգուշական քայլերուն: Այդ առումով արդարացուած է Հայաստանի կառավարութեան դիմումը Եւրոպական Միութեան եւ այլ բարեկամ կառոյցներու, որպէսզի ապահովուի ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»