Գարակէօզեան տան ընտանիքը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի մահուան տարելիցին առթիւ ոգեկոչած է մեծանուն բարերարը, որ դրած է որբանոցին հիմքերը։
Անոր յիշատակին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն։ Նաեւ հաւաքական այցելութիւն մը տրուած է Գարակէօզեան գերդաստանի Շիշլիի գերեզմանատան դամբարանին ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Վերջին տարիներու համայնքի ապրումներուն մէջ փոքրաթիւ են անցեալի բարերարները, որոնց հանդէպ երախտագիտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կ'ունենան հրապարակային արտայայտութիւն, որոնք կը յիշատակուին իրենց մեծ աւանդին ու անմոռանալի ծառայութիւններուն համար։
Գարակէօզեան Տան հիմնադիր Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեան, Էսաեան վարժարանի հիմնադիրներ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեանները այդ բախտաւորներէն են ու այս շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան (Էսաեան եղբայրներու ոգեկոչման մասին կարդալ միւս սիւնակներուն մէջ)։
Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանի հիմնած «ՏԱՆ» ներկայի անդամները՝ Խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն, յարակից մարմիններ եւ աշակերտներ, կանոնաւոր կերպով կը յիշատակեն ու իրե՛նք ալ կը յիշեցնեն թէ ինչպիսի նախախնամական գործ մը ըրած է բարերար եւ հիմնադիր Ողբ. Տիգրան Էֆէնտին եւ ինչպիսի գուրգուրանքով Գարակէօզեանցիներ տէր կը կանգնին իրենց «ժառանգ»ին։
Գարակէօզեան տան ընտանիքը աւանդաբար, տարեսկզբին, Յունուարի երկրորդ շաբաթը կը յատկացնէ Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանը ոգեկոչելու ձեռնարկներուն։ Ուրախալի է որ նոյն «յանկերգ»ը չի մատուցուիր աշակերտներուն կամ ոգեկոչման միջոցառումներու մասնակիցներուն, մի՛շտ նորութիւն մը կ'ըլլայ, բան մը կամ բաներ մը կ'աւելցուին նախորդ ըրածներուն, պատրաստութիւններուն վրայ, աշակերտները նոր բան մը կը սորվին իրենց վարժարանի հիմնադրին, յաջորդող տարիներուն, նաեւ մօտիկ անցեալի «դպրոցական կեանք»ի մասին ու վստահաբար, կը զգան թէ ինչպէս ձեռք բերուած են այժմու լաւագոյն օրերը։
Ահաւասիկ 2025ի ոգեկոչումները շարունակուեցան շուրջ շաբաթ մը, անցեալ Երկուշաբթիէն սկսեալ վարժարանի մուտքին յատուկ անկիւն մը յատկացուեցաւ Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանին, զետեղուեցաւ դիմաքանդակը՝ շուրջ բոլորը մոմերով եւ ամէն մարդ, որ մուտք գործեց վարժարան, անձայն աղօթեց այս մեծանուն հայու յիշատակին։ Նոյն վայրին մէջ պաստառի վրայ անընդհատ ցուցադրութեամբ սփռուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ նախկին շրջանաւարտներ իրենց յուշերը կը պատմէին յուզումով ու կարօտով։
Հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, իսկ Շաբաթ օր, 11 Յունուարին ոգեկոչումները շարունակուեցան գերեզմանատուն այցելութեամբ եւ հոգեճաշով։
Կէսօրուայ ժամերուն, Գարակէօզեան Տան ընտանիքը՝ խնամակալներ, մեծաթիւ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ հաւաքուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Գարակէօզեան գերդաստանի դամբարանին մօտ, ուր նախկին գարակէօզեանցի Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարեց։ Թէեւ եղանակը շատ ցուրտ էր ու անընդհատ անձրեւ կը տեղար, բայց գնահատելի էր որ Գարակէօզեանցիներ որպէս միասնական ընտանիք, հո՛ն էին ու յարգանքի իրենց տուրքը կը մատուցանէին աղօթքով ու խնկարկութեամբ։
Յաջորդեց հոգեճաշը վարժարանի ճաշարանին մէջ։ Յուսիկ քահանան իր շուրջ ունենալով Խնամակալութեան Բ. Ատենապետ Գարուն Գովանն ու միւս անդամները, Տնօրէնուհի Նարօտ-Վերոնիք Գուրուղօղլուն, ուսուցիչներն ու խումբ մը աշակերտներ եւ նախկին շրջանաւարտներ, աղօթքով բացաւ ճաշը։ Հրամցուեցան Ողբ. Տիգրան Էֆէնտիի սիրած ճաշը՝ լուբիան, իր «ընկեր»ներով՝ թթու եւ կտրատած կարմիր սոխ, նաեւ հրուշակ։ Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ արարողութիւններուն։
Մտերմիկ զրոյցները ջերմացուցին ներկաներուն սիրտերը։ Յուսիկ Քահանան, Խնամակալութեան անդամները անցեալի օրերէն յուշերը վերաթարմացուցին ու փառք տուին ներկայի փայլուն շրջանի համար։ Վերջաւորութեան Յուսիկ Քահանայ, որպէս նախկին շրջանաւարտ, անձամբ իր ապրածներէն յուշեր բաժնեց ներկաներուն հետ, քանիցս շեշտելով որ Գարակէօզեանը իսկապէս «ՏՈՒՆ» եղած է անցեալին ու «ԲՈՅՆ»՝ գաւառէն Իսթանպուլ բերուած հայ զաւակներու համար։
Հոգեկան մեծ բաւականութիւն ստանալով բաժնուեցանք վարժարանէն։