Հնդկաստանի Թելանկանա նահանգէն առնուազն 42 հնդիկ ուխտաւոր զոհուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած խոշոր ճանապարհափոխադրային պատահարի հետեւանքով, հաղորդած է India Today-ը։
Մեքքայէն Մետինա ուղեւորուող հանրակառքը բախած է տիզելային վառելիքի պահեստատարի: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ բախումն այնքան զօրաւոր եղած է, որ ուղեւորներէն շատերը տեղւոյն վրայ մահացած են, իսկ մի քանին ծանր վիրաւորուած են:
Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին եւ արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքարը իրենց վիշտն ու ցաւակցութիւնը յայտնած են զոհուածներու ընտանիքներուն։ Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Ռիատի մէջ գտնուող հնդիկ դիւանագէտները եւ Ճատտէի մէջ գտնուող գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը ցուցաբերեն հնարաւոր աջակցութիւն վիրաւոր քաղաքացիներուն եւ վթարի զոհերու հարազատներուն։