image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. «Պիլատ Շամ»-ի սպառնալիքը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. «Պիլատ Շամ»-ի սպառնալիքը

Ամերիկացի յատուկ պատուիրակին վերջին յայտարարութեան մէջ նոր ուղերձներ կան: Մինչեւ հիմա միջազգային ընտանիքը կամ տարբեր պետութիւններ արտաքին օժանդակութիւնները կամ առ հասարակ Լիբանանի վերականգնումը կը պայմանաւորին ամէնէն առաջ զէնքի միաւորման պահանջով:

Հիմա շատ սուր ոճով եւ յանկարծակի կը դրուի գոյութենական խնդիր: Խնդիր, որ ունի ոչ թէ զուտ տնտեսական բաղադրիչ, այլ քաղաքական եւ անվտանգային. նոյնիսկ գերիշխանութեան վերաբերող առանցք:

Այսպէս. ըստ Պարրաքի, Լիբանան կարիքը ունի այս խնդիրը լուծելու, այլապէս կրնայ գոյութենական վտանգ դիմագրաւել. մէկ կողմէ Իսրայէլը եւ միւս կողմէ Իրանը, իսկ հիմա Սուրիան մեծ արագութեամբ մէջտեղ կու գան, եւ եթէ Լիբանան քայլերու չձեռնարկէ, «Պիլատ Շամ»-ին պիտի վերադառնայ:

Այս  հատատումին եւ յայտարարութեան այլ բաժիններու միջեւ առկայ ագուցման կէտերուն կ՛անդրադառնանք: Հիմա կեդրոնանանք այս բաժինին վրայ: Զգուշացման այս կոչը պարզապէս ըսել կ՛ուզէ, որ եթէ զէնքի միաւորման խնդիրը չլուծուի, Լիբանան կը դիմագրաւէ իբրեւ պետութիւն գոյութիւն չունենալու վտանգը: Այստեղ կը նշուի երկու բեւեռ` Իսրայէլ եւ Իրան: Երկուքն ալ վերափոխուող, որոնց առընթեր Սուրիան, իր կարգին` «մէջտեղ եկող»: Հրապարակ եկող այս Սուրիան է, որ բեւեռներէն մէկուն  հետ նոր ընդհանուր պետութիւն մը կրնայ ձեւաւորել, որուն կը ներառուի նաեւ Լիբանանը: «Պիլատ Շամ» հասկացողութիւնը անուանապէս միայն նոյն ընկալումը ունի: Այսօր այլ իրավիճակ է, եւ այս առանցքն է, որուն շուրջ պիտի գոյանան արբանեակ շրջաններ կամ լաւագոյն պարագային երկիրներ:

Տարբերութիւն կայ նաեւ նախորդ եւ այս յայտարարութիւններուն միջեւ պահանջի գործադրութեան ժամանակի առումով: Նախապէս ժամկէտ եւ ժամանակացոյց չէր ճշդուեր. հիմա ալ չի ճշդուիր, սակայն կը խօսուի համբերութեան սահմանի մասին: Հետեւելով նոյն տրամաբանութեան, եթէ համբերութիւնը հատի, ապա «Պիլատ Շամ»-ի ճակատագիրը կը սպասէ այս երկրին:

Զէնքի միաւորման պահանջի գործադրութեամբ չ՛աւարտիր անշուշտ Պարրաքի ցոյց տուած ճանապարհը: Տեսանելի վերնագիրը նոր Պիլատ Շամն է: Այս պարագային ոչ իբրեւ սպառնալիք, այլ իբրեւ ռազմաքաղաքական միաւորի միջինարեւելեան բեւեռ: Առաջադրանքը, որ կ՛արծարծուի Իսրայէլ-Սուրիա առանցքն է: Այս խորագիրը ունի ենթախորագիրներ: Կը նշուին Իսրայէլ Լիբանան եւ Իսրայէլ-Իրաք գիծերը` իբրեւ շարունակութիւն Իսրայէլ-Սուրիա յարաբերութիւններու հաստատման: Այս նոր համապատկերը ուրեմն կը ներկայացուի նոր փաթեթաւորումով, որ ըստ էութեան Աբրահամեան դաշինքի մէկ կարեւոր հատուածն է, եթէ ոչ կարեւորագոյն յենարանը:

Վերջին իրադարձութիւններէն առաջ Աբրահամեան դաշինքի ձեւաւորման  խոչընդոտող պետութիւնները Սուրիան եւ Իրանն էին: Սուրիան հիմա գործառոյթ փոխած է: Խոչընդոտողէն անցած է դիւրացնողի: Իրանին հետ կը շարունակուին բանակցութիւնները:

Ամերիկացի պատուիրակը կը  վստահեցնէր, թէ Սուրիոյ ղեկավարները Լիբանանի հետ համակեցութիւն եւ փոխադարձ բարգաւաճում կ՛ուզեն, եւ Միացեալ Նահանգները յանձնառու են աջակցելու իրարու հաւասար, գերիշխան եւ խաղաղութիւն ու բարգաւաճում վայելող երկու դրացիներուն միջեւ այդ յարաբերութիւններու հաստատման:

Այս արդէն գլխիկոր կը շրջէ «Պիլատ Շամ»-ի պատկերը, որ պարզապէս զգուշացում է Դամասկոսին բռնած ճամբէն չքալելու պարագային:

 

«Ա.»