image
Հրատապ լուրեր:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը հիւրընկալեց «Մար Մանսուր» բարեսիրական հաստատութեան վարչութեան կազմը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը հիւրընկալեց «Մար Մանսուր» բարեսիրական հաստատութեան վարչութեան կազմը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է «Մար Մանսուր» բարեսիրական հաստատութեան վարչական նոր կազմը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց «Մար Մանսուր» բարեսիրական հաստատութեան վարչական նոր կազմը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Ժագ Գազէզեան։

Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, վարչութեան անդամները անդրադարձան հաստատութեան բարեսիրական ծրագիրներուն եւ համայնքի զաւակներուն զանազան տարածքներով տրամադրած օժանդակութիւններուն։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մեծապէս գնահատեց վարչութեան կազմին աստուածահաճոյ ծառայութիւնը, ուժ, կորով եւ աստուածային առաջնորդութիւն մաղթեց անոնց եւ համագործակցութեան ոգիով յոյս յայտնեց շարունակելու գործակցութիւնը, այս ճակատագրական օրերուն ձեռք ձեռքի տալով ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն հասնելու եւ կարելի եղած չափով անոնց բեռը թեթեւցնելու։