image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Հրանդ Մարգարեանի որդին՝ Մխիթար Մարգարեանը

Մահացած է Հրանդ Մարգարեանի որդին՝ Մխիթար Մարգարեանը

ՀՅԴ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի որդին հիւանդանոցին մէջ մահացած է։

Յիշեցնենք՝ հրազէնային վնասուածքով գիշերը հիւանդանոց տեղափոխուած էր Հրանդ Մարգարեանի որդին՝ Մխիթար Մարգարեանը: Դէպքը տեղի ունեցած է Արաբկիրի մէջ։ Մարգարեանի վիճակը կը գնահատուէր ծայրայեղ ծանր:

ՆԳՆ-էն յայտնած էին՝ նախնական տեղեկութիւններով՝ անձը ինքնասպանութեան փորձ կատարած է՝ կրակելով ինքն իրեն:

 

Հրանդ Մարգարեանի որդի՝ Մխիթար Մարգարեանի մահուան դէպքով քրէական վարոյթ  նախաձեռնուած է. ՆԳՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի որդի՝ Մխիթար Մարգարեանի մահուան դէպքով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։ Այս մասին յայտնած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։

«Նախնական վարկածով` ինքնասպանութիւն է գործել՝ կրակելով ինքն իր վրայ։ Նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ, եւ միակ վարկածն ինքնասպանութիւնն է, որը հաստատւում է ականատեսների վկայութիւններով ու տարածքում առկայ տեսաձայնագրութիւններով։ Ատրճանակը յայտնաբերուել է, օրինական է, իմ տեղեկութիւններով` CZ տեսակի ատրճանակն է»,-ըսած Նարեկ Սարգսեանը։

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ երէկ հրազէնային վիրաւորմամբ Առաջին համալսարանական հիւանդանոց տեղափոխուած է 1984 թուականի ծնունդ Մխիթար Մարգարեանը. ան կրակած է ինքն իր կոկորդին։ Այսօր ան հիւանդանոցին մէջ մահացած է։

Մխիթար Մարգարեանն ամուսնացած է, ունի 3 անչափահաս երեխայ։ Ան արցախեան քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներու մասնակից է։