image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան Վաղարշապատի ընտրութիւնները կը կապէ Մայր Աթոռը Գարեգին Բ-էն «ազատելու գործընթացի» հետ

Փաշինեան Վաղարշապատի ընտրութիւնները կը կապէ Մայր Աթոռը Գարեգին Բ-էն «ազատելու գործընթացի» հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի ընտրողները՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Արգիշտի Մեխակեանին համայնքի ղեկավար ընտրելու համար։ Վարչապետն այս մասին գրած է թելեկրամեան իր ալիքով։

Փաշինեանի գնահատմամբ՝ այս արդիւնքները «կարեւոր լիցք տուին» Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդէն «ազատելու գործընթացին»։

Ընտրութիւններու արդիւնքները, Փաշինեանի գնահատմամբ, կ՚ամրապնդեն նաեւ կուսակցութեան խաղաղութեան ու պետականութեան ամրապնդման ռազմավարութիւնը։ Ան նշած է, որ հանրութիւնը «աներկբայ աջակցութիւն» յայտնած է Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնն ուժեղացնելու իշխանութեան քաղաքական գիծին։

Վարչապետը ներկայացուցած է ընտրութիւններու արդիւնքները որպէս 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու «հնչուն նախերգանք»՝ յայտարարելով, որ, ըստ իր համոզման, «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը պիտի յաղթէ» այդ ընտրութիւններուն։