image

Պէյրութ. Մեսրոպեան Վարժարանի անսպառ եռանդը. Նշուած է Լիբանանի Անկախութեան տօնը

Պէյրութ. Մեսրոպեան Վարժարանի անսպառ եռանդը. Նշուած է Լիբանանի Անկախութեան տօնը

Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ կրթական լոյս եւ որակ սփռող Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանը կը շարունակէ իր պատուաբեր առաքելութիւնը։

 Այս առումով ալ օրերս գլխաւորութեամբ Տնօրէն Կրէկուար Գալուստին նշուած է Լիբանանի Անկախութեան տօնը։

 Սոյն առիթով  գեղարուեստական պատշաճ յայտագրի աւարտին տեղի ունեցած է շքերթ հայահոծ թաղամասերուն մէջ, որ միեւնոյն ժամանակ ընդունուած է մեծ ոգեւորութեամբ։

Նշենք, որ միջոցառման ներկայ եղած են Պուրճ Համուտի ազգային- վարչական մարմիններու ներկայացուցիչներ գլխաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Տիար Մարտիկ Պօղոսեանի, իսկ օրուան պատգամը ներկաներուն փոխանցած է  Վարժարանի նախկին սան, նախկին նախարար եւ ՀՅԴ պատասխանատուներէն՝ Տիար Աւետիս Կիտանեան։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝



Լիբանանի անկախութեան օրուան առիթով, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը 20 Նոյեմբեր 2025-ին կազմակերպեց շքերթ մը, որ միաւորեց ամբողջ աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմը` հայրենասիրական հպարտութեան վառ դրսեւորումի մը մէջ:

Տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի ուղեկցութեամբ աշակերտները երթով անցան Պուրճ Համուտի փողոցներով, հասնելու համար քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր անոնց ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեցին քաղաքապետ պարոն Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ:

Բազմաթիւ բնակիչներ դուրս եկած էին տեսնելու մեր աշակերտներու խանդավառութիւնը, որ կ՛արտացոլացնէր մեր կրթական համայնքին հպարտութիւնն ու յոյսը Լիբանանի ապագայի նկատմամբ:


Նոյն օրը, Մեսրոպեանը առանձին հաւաքով մը նշեց Անկախութեան տօնը՝ դպրոցի շրջափակին մէջ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրով մը, որուն մասնակցեցան աշակերտներ՝ Ծաղիկ դասարանէն մինչեւ աւարտականներ։Այս առիթով, աշակերտութեան իրենց խօսքը ուղղեցին պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ օրուան բանախօս՝ Մեսրոպեանի նախկին սան, նախկին նախարար պարոն Աւետիս Կիտանեան։