image

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը (Լուսանկարներ)

 Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը (Լուսանկարներ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած  պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրած է ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը։

 

ԱՄՆ Արեւմտեան ափ տուած իր հովուապետական այցի շրջանակերուն մէջ երէկ երեկոյեան Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընթրիք՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսութեան ընտրութեան եւ գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ։

Նոյն երեկոյի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս  «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով  պարգեւատրած է ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Լոս Անճելըսէն։

Նշենք նաեւ, որ  նոյն երեկոյին Դոկտ. Յովսէփեանի կողքին շքանշաններու արժանացան շարք մը ազգային-համայնքային գործիչներ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան (արմատներով՝ լիբանանահայ) տարբեր ժամանակներու իր ծառայութիւնը մատուցած է Միացեալ Նահանգներու հայկական իրականութեան՝ զբաղեցնելով կարեւոր եւ պատասխանատու պաշտօններ։