Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու կործանիչները վերջին 24 ժամուան ընթացքին առնուազն 16 հարուած հասցուցած են Լիբանանի արեւելքը եւ հարաւը գտնուող «Հըզպալլա»ի ռազմական դիրքերուն, հաղորդած է Ալ Արապիան։
Ռմբակոծութիւնները թիրախ դարձուցած են Սուրիոյ սահմանին մօտ լեռնային տարածքը գտնուող շիա ջոկատներու պահեստները, ուր ենթադրաբար կը պահուին հրթիռներ։ Հզօր պայթիւններ լսուած են Պատնէյլ, Թարայա եւ Շիմսթար քաղաքներուն մօտ։
Լիբանանի հարաւը թիրախաւորուած են «Հըզպալլա»ի կայանները Արաբ Սելիմ, Քֆար Համամ, Սուճուտ եւ Ալ Մահմուտիա շրջաններուն մէջ, ուր վերջին օրերուն աշխուժ էին շիա զինեալները։ Զոհերուն մասին տեղեկութիւններ չկան։
X-ի մէջ արաբերէնով տարածուած տեսաուղերձով Իսրայէլի բանակի խօսնակ Աւիխայ Էտրին յայտարարած է, որ օդային հարուածները ոչնչացուցած են հարաւային Լիբանանի մէջ վերջերս տեղակայուած եւ յայտնաբերուած թշնամիին հրթիռային կայանքները։
Ան շեշտած է, որ «Հըզպալլա»ի գործունէութիւնը օդային հարուածներուն տակ յայտնուած դիրքերուն մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնագիրի խախտում է։