image

Հալէպ. Ի Տէր հանգաւ գաղութի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան

  Հալէպ. Ի Տէր հանգաւ գաղութի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան

 Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  համայնքի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Յուսիկ աւ. քհնյ. Սեդրակեան։

 «Արեւելք» բօթը ստացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը եւ հանգուցեալ Տէր Հօր կենսագրականը։ 

 

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովները խոր կսկիծով կը գուժեն Բերիոյ Հայոց Թեմի երէց քահանայ հայր՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ին, Հալէպ։

Լուսահոգի Քահանայ Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս երկար տարիներու բազմաբեղուն գործունէութիւն ունեցած է։ 

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԺ. Տ. ՅՈՒՍԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ

Աւազանի անունով Վազգէն, որդի Խոսրովի եւ Էլիզի, ծնած է Հալէպ, 1948-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ․ Սահակեան վարժարանէն ներս։ Եղած է դպիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ 1967-ին ուսուցչութեան պաշտօնին կը կոչուի Նոր Գիւղի կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս։ 1973-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ կ'ըլլայ եւ կը վկայուի Խորէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ։

Կ՚ամուսնանայ Վարդուհի Տէմիրճեանի հետ եւ կ'ունենան երեք զաւակներ՝ Արա, Տաթեւիկ եւ Շաղիկ։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 23 Սեպտեմբեր 1973-ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի, խարտաւիլակութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Չոլոյեանի եւ կը վերակոչուի Տ. Յուսիկ։

Հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Քեսապի եւ շրջակայքի Հօտին, ինչպէս նաեւ Առաջնորդին եւ Քաղաքական Ժողովին որոշումով Տէր Յուսիկ կը կոչուի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի տնօրէնի եւ կրօնի դասատուի զոյգ պաշտօններուն։ Այնտեղ կը հաստատէ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոց, ստանձնելով տեսչութեան պաշտօնը։ 

1979-ին կը տեղափոխուի Հալէպ։ Ան մէկ տարուայ ընթացքին շաբաթը անգամ մը Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցէ։ Հինգ տարի Ռագգայի գաղութի հոգեւոր հովուութիւնը կը կատարէ, ամիսը անգամ մը շրջանը այցելելով պատարագելու եւ Հոգեւոր սնունդ մատակարարելու համար: Այնտեղ եւս կիրակնօրեայ դպրոց կը հիմնէ։ 

Քեսապի շրջուն հոգեւոր Հովիւի պատասխանատուութիւնը յանձն կ'առնէ, մինչեւ 1983։

Ան 1979-էն մինչեւ 2000 կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս։ Ապա, ան կը հրաժարի ուսուցչական ասպարէզէն, առողջական պատճառներով։ Նոր Տարիին Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ կը գնահատուի արծաթեայ յուշապնակով, որպէս երախտագիտութիւն իր երկարամեայ ծառայութեան։

1984-ին Տարօն Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան խնդրագիր-նամակով եւ Սրբազան Հօր հաւանութեամբ կը նշանակուի սասունցի հայրենակիցներու հոգեւոր հովիւ։ Նոյն տարին տէր հայրը Գարեգին Բ. Հայրապետին կողմէ կը ստանայ «Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքի» կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ իր ունեցած վաստակաշատ ծառայութեան համար։

1989-ին, Տէր Յուսիկ կը տեղափոխուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի։ 

1980-1988 եղած է Դատաստանական Խորհուրդի անդամ։ 1985-ին մաս կազմած է Վերաքննիչ Ատեանին:

1982-էն անդամ եղած է Ազգ. Կրօնական Ժողովին, երեք շրջաններ վարած է ատենադպրութեան պաշտօնը։ 1984-էն կրօնական երեսփոխան է Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին մէջ եւ 12 տարի որպէս դիւանի ատենադպիր։ Աւելի քան 25 տարի եղած է ատենապետը Թեմի ազգային տուրքի հաւաքման եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Լրացուցիչ Ընտրութիւններու Կեդր. Յանձնախումբին։

1986-1990 վարած է Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան ատենապետութեան պաշտօնը։

1985-1987 մաս կազմած է Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պարբերաթերթի խմբագրակազմին, միաժամանակ թղթակիցը եղած է կրօնական ձեռնարկներուն։

1988-1989 կամաւոր ծառայութեամբ խմբագրած, էջադրած եւ լոյս ընծայած է «Օշական» Լրատուն։

1988-էն կոչուած է Առաջնորդարանի բոլոր վկայագիրները ստորագրելու պաշտօնին: 1995-1997 վարած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետութեան պաշտօնը։ 

1993-ին, կրօնական դաստիարակութեան անդաստանէն ներս, Սրբազան Հօր քաջալերանքով տիար Ժիրայր Րէիսեանի հետ հիմը կը դնեն աշակերտական պատարագի։ 

Տէր Յուսիկին մշակութային եւ գրական հակումը ճառագայթող արժանիք էր, որ կը նշմարուէր իր ընթերցասիրութենէն եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութենէն։ Անոր գրական ժառանգին յիշարժան գլուխ գործոցն է «Վարք Քահանայից» վարքագրական հսկայական ուսումնասիրութիւնը, իր Ա. եւ Բ. հատորներով։ 

Ան վարած է բազմաթիւ վարչական պաշտօններ, ինչպէս կիրակնօրեայ դպրոցներու խորհուրդի անդամ եւ ատենապետ, «Հայ Եկեղեցի- Հաւատքի ընտանիք» յանձնախումբի ատենապետ, «Հայ Եկեղեցւոյ Բարի Սամարացի» մարմնի ատենապետ։

Ամսական հերթականութեամբ այցելած է Հալէպի կեդրոնական բանտը եւ մխիթարած Հայ բանտարկեալները։

Տէր Յուսիկ հովուական ծառայութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է կարիքաւոր ընտանիքներուն: Ան նուիրատուներ ապահոված է չքաւորներուն եւ սաներուն օգտակար դառնալու։ Իր ծխական ժողովուրդին առօրեայ տագնապներով մտահոգուած, փորձած է փարատել յուսալքութեան մշուշը։ 

Մարդակերտումը որպէս առաջնահերթ նշանաբան նկատուած է Տէր Յուսիկին համար։ Իր իսկ վերլուծումով «կրօնաբարոյական արժէքները կ'իմաստաւորուին, երբ կ'արտայայտուին գործնական կեանքի օրինակով»: 

 

Առ ի գնահատանք իր բարւոք ծառայութեան, ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք 1983-ին, Ծաղկեայ փիլոն՝ 1992-ին եւ Աւագութեան տիտղոս եւ պատիւ՝ 2000-ին։

2016-ին պարգեւատրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի բարձրագոյն շքանշանով։

Վերջին քանի մը տարիներուն առողջական պատճառներով հանգստեան կոչուած է։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։