image

Ռուս-ուքրանական խաղաղութեան ծրագիրը պիտի քննարկուի Ժընեւի մէջ

Ռուս-ուքրանական խաղաղութեան ծրագիրը պիտի քննարկուի  Ժընեւի մէջ

Ուաշինկթընի խաղաղութեան ծրագիրը պիտի քննարկուի Եւրոպական Միութեան առաջատար երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու, Ուքրանիոյ իրենց գործընկերներուն հետ հանդիպման ժամանակ Ժընեւի մէջ կիրակի, հաղորդած է ԹԱՍՍ՝ յղում ընելով DPA-ին։

Աւելի վաղ ԵՄ առաջնորդները յայտնած էին իրենց անհամաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան ծրագիրի որոշ կէտերուն շուրջ եւ այն վերանայելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։

Ճոհանսպըրկի մէջ կայացած հանդիպումէն յետոյ ԵՄ-ի, Գանատայի եւ Ճափոնի առաջնորդները պահանջած են վերանայիլ Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիոյ վերաբերեալ ծրագիրը եւ մտահոգուած Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կրճատմամբ։ Այս մասին ըսուած է Եւրոպական յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ՝ ԵՄ հիմնարկներու, ԵՄ որոշ անդամ պետութիւններու, անոնց կարգին՝ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ, ինչպէս նաեւ ԵՄ անդամ չհանդիսացող Միացեալ Թագաւորութեան, Նորվեկիոյ, Ճափոնի եւ Գանատայի ղեկավարներուն կողմէ։