Օրերս, Նիւ Եորքի մէջ նշուած է Էսաեանի հիմնադրութեան 130-ամեակը, եւ այս առթիւ դպրոցի հիմնադիրներուն եւ բոլոր սաներուն եւ սպասաւորներուն համար հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Էասեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեայ յոբելեանին պայմանաւորած հրճուանքը այս շրջանին համակած է հաստատութեան աշխարհատարած սաները։ Վերջերս Նիւ Եորքի մէջ ալ նշուեցաւ Էսաեանի հիմնադրութեան 130-ամեակը՝ մինչ մասնակից սաները լի ու լի ապրեցան ստեղծուած ոգեւորութիւնը։ Էսաեանցիներու բաժակի օրը սերունդներու միասնականութեան տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Տարիներէ ի վեր Նիւ Եորքի մէջ կը կազմակերպուի Էսաեան-Կեդրոնական աւանդական բաժակի օրը։ Այս երկու պատմական կրթօճախներու սաները միասնաբար կը տօնախմբեն բաժակի օրը, ինչ որ անոնց փոխլրացնող առաքելութեան վկայութիւնն է։ Այս տարի ալ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, միասնական էր բաժակի օրը, սակայն, նկատի ունենալով, որ կը զուգադիպէր Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի շրջանին՝ շեշտը աւելի այս երեսակին վրայ դրուեցաւ։
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի ընթացաւարտներու համախմբումը, առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի դպրոցի հիմնադիրներուն եւ եկած-անցած բոլոր սաներուն եւ սպասաւորներուն համար հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուի։ Այս ոգեկոչման զուգահեռ՝ շրջանաւարտները զիրար վայելեցին եւ իրարու հետ բաժնեցին երկու կրթօճախներու վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններու շուրջ լուրերը։ Բոլորը ֆիզիքապէս Նիւ Եորքի մէջ էին, սակայն, անոնց սիրտը կը տրոփէր իրենց այնքան սիրելի վարժարաններու յարկին ներքեւ։
Բաժակի պահուն շրջանաւարտները միասնաբար բաժակ բարձրացուցին Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու յարատեւութեան, առաքելութեան անխափան ընթացքին համար։