Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութի հայ կաթողիկէ համայնքի բարեպաշտ անդամուհիներէն՝ Էլէնա Գարատաղլեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահազդը։
Տէր եւ Տիկին Արամ Գարատաղլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քրիստիան Գարատաղլեան եւ զաւակունք
Օրդ. Ռօզա Գարատաղլեան
Տիկին Մարինելլա Լիգը եւ ընտանիքը
Տիկին Մարիանա Օլդէանու եւ ընտանիքը
Տիկին Հալա Գարատաղլեան
Տէր եւ Տիկին Արա Գարատաղլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Ժան Գարատաղլեան
Տէր եւ Տիկին Վարդան Վարդապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Համբիկ Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Սեւակ Կիւվլէքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Սարգիս Պողչալեան
Տէր եւ Տիկին Արսէն Էօրտէքեան եւ զաւակը
եւ համայն Գարատաղլեան, Օլդէանու, Լիգը, Վարդապետեան, Թորոսեան, Կիւվլէքճեան, Պողչալեան, Էօրտէքեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, մեծմօր եւ հարազատին
Էլէնա Գարատաղլեանին
(Ծնեալ Օլդէանու)
մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2025-ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2025-ին, ժամը 15:30-ին, Ս. Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը։
-Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
-Ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2025-ին, ժամը 11:00-էն ժամը 19:00-ը, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ, եւ Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025,ին, ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 06:00-ը, նոյն վայրին մէջ։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Աւարտին նշենք, որ հանգուցեալ տիկինը մայրն է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի գործունեայ անդամ, Հայ Կաթողիկէ Հարպոյեան-Սուրբ Խաչ Վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեանին։
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր որդւոյն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանին։