image

Վերջին Ժամ. Վիճակը Հանդարտած. Ցուցարարները Որոշեցին Վրաններու Տակ Գիշերել

Վերջին Ժամ.   Վիճակը Հանդարտած. Ցուցարարները  Որոշեցին     Վրաններու Տակ  Գիշերել

 Լիբանան-  Բողոքի ցոյց  կատարող   երիտասարդները որոշեցին վրաններ լարել  եւ գիշերել Պէյրութի  կեդրոնական   հատուածին մէջ: Անոնց անունով  խօսող  բանբեր մը ԱՖՓ-ին  խօսելով  ըսաւ, թէ   իրենք  որոշած են մինչեւ յառաջիկայ Երեքշաբթի  օր (աղբի  խնդրով զբաղուող   յանձնաժողովին նիստի օրը)    շարունակել հոն մնալ:  Իր կարգին  ներքին  գործոց նախարար  Նուհատ Ալ Մաշնուք ըսաւ, որ շուտով Պէյրութ  պիտի վերադառնայ եւ  պատասխանատուութեան ենթարկէ բոլոր այն  զինուորները, որոնք կրակ բացած էին  ցուցարարներուն դէմ: Տեղին է նշել, որ   ցուցարարները բուռն կերպով կը  պահանջէին   ներքին գործոց նախարարին հրաժարականը: