image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ Լիբանանահայ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հանդիպում. Օրակարգին եղած է Լիբանանի ներքին իրավիճակը

   Ժողովը նաեւ ընդգծեց ընտրական օրէնքին խոցելիութիւնը, յատկապէս միջհամայնքային ճիշդ ներկայացուածութեան ընտրութիւնը խոչընդոտող հանգամանքները եւ անհրաժեշտ նկատեց համայնքներու իրողական պատկերի արտացոլացումը ապահովող օրէնքի մշակումը:

Նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած վտանգներն ու բազմապիսի դժուարութիւնները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերընդգծեցին ներհամայնքային միասնականութեան պահպանման հրամայականը եւ անոր ընդառաջ միացեալ խորհրդակցութիւններ ունենալու  եւ աշխատանքներ ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը:

Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հերթական նիստը գումարուեցաւ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ:

Ժողովականները նախ  քննարկեցին շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմի շարունակութիւնը, զինադուլի կարելիութիւնները եւ այդ բոլորին Լիբանանի վրայ ունեցած եւ ունենալիք ազդեցութիւնները:

Ներկաները յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցին Լիբանանի դէմ ուղղուող սպառնալիքներու նոր թափին վրայ: Լուսարձակի տակ առնուեցան այս առումով լիբանանեան կեցուածքները եւ ներլիբանանեան վերջին իրադրութիւնները:

Այս առումով եւ հեռանկարային դրուածքով խօսուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու կայացման նպատակով նոր նախաձեռնութիւններուն եւ  անոնց դիմաց տիրող անորոշութեան մասին: