Տրապիզոնի մէջ կաթոլիկ վարդապետ Անտրէա Սանթորոն սպաննած ոճրագործ՝ Օկիւզհան Աքտինօրերս ազատ արձակուած է: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ 18 տարուան բանտարկութեան պատիժ ստացած 26-ամեայ Աքտին, 10 տարի բանտարկուած մնալէ ետք ազատ արձակուած է: Կը նշուի, որ Աքտին ազատ արձակուած է օգտուելով անցնող 15 յուլիսի յեղաշրջումէն ետք Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ հրապարակուած համաներման օրէնքէն: Մինչ Վատիկան մինչեւ այս պահը չէ արձագանգած եղածին, Տրապիզոնի Կաթոլիկ համայնքի ներկայացուցիչներ որոշած են բողոքի երթ մը կայացնել՝ դատապարտելու համար երկրի դատական մարմիններուն այս որոշումը: Յիշեցնենք, որ Աքտին Կաթոլիկ վարդապետը սպաննած էր վերջինիս ծառայած Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ, ու «Ալլահ ու աքպար» («Աստուած մեծ է» խմբ.) պոռալէ ետք կրակ բացած էր անոր ուղղութեամբ: