image

Յիշատակներ մեր գաղթական անցեալէն. Ուղեւորութիւն դէպի Ռաշիտիէ գաղթակայան

Յիշատակներ մեր գաղթական անցեալէն. Ուղեւորութիւն դէպի Ռաշիտիէ գաղթակայան


  Տարբեր առիթներով գրուած է այն մասին, որ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ հայութիւնը ունեցած է որոշակի ներկայութիւն։ Տարբեր էին պայմանները եւ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ աւելի մեծ ու երեւելի էր քրիստոնեայ տարրը։ Յետ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին շատ բան փոխուեցաւ Լիբանանանի մէջ։ Լիբանանն ամբողջ ապրեցաւ «բաժանում»ի մը հոլովոյթը, որ խորքին մէջ շինծու էր։ Մութ ուժեր, որոնք մահուան ու արեան որոգայթին մէջ նետեցին գողտրիկ Լիբանանը կերպով մըն ալ յաջողեցան իրենց նպատակներուն մէջ։ Հայութիւնը նոյնպէս նօսրացաւ ու աւելին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ու Պեքաայի Այնճար հայաւանէն բացի երկրի Հարաւային կամ նոյնիսկ հիւսիսային շրջաններուն մէջ կայք հաստատած մեր հայրենակիցները կամ հեռացան, կամ ալ ստիպուած եղան վերջնականապէս լքելու իրենց սիրելի ծննդավայրը։ Այդ հայութեան կարեւոր մէկ հատուած կ՚ապրէր Լիբանանի հարաւային շրջաններուն եւ ի մասնաւորի Սայտա եւ Սուր քաղաքներուն մէջ, իսկ այդ բոլորին մեծագոյն վկան անշուշտ Սայտայի պաղեստինեան «Ռաշիտիյէ» շրջանին մէջ կանգնեցուած հայկական եկեղեցին էր։ Եկեղեցի մը, որ հաւանաբար ունեցած էր իր գողտրիկ համայնքն ու աշխուժութիւնը, որն այսօր համարեայ վերածուած է «աւերակ»ի։ Ին չ խօսք, որ մեր կեանքի մեծ բովին ու հոլոյթներուն մէջ ալ հայութիւնը դանդաղօրէն ի սպառ կը կորսնցնէ իր հետքերը Մերձաւոր Արեւելքի այնքան եռուն եւ ազդեցիկ ափերուն մէջ։ Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը լոյսին կը բերէ հայութեան երբեմնի ներկայութիւնը ու անոր հեղինակ Սերոբ Սամուէլ Գիզիրեանը, իր իսկ վկայութեամբ մեզի դարձեալ կը տանի էպի բախտորոշ ժամանակներ։ Ստորեւ մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, որն ինքնին վկայարանն մըն հայութեան անցեալէն ու գաղթական դարձած մեր նախնիներու ճանապարհէն։

 

Ամիսներ առաջ Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան յայտնեց, թէ հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին կից գտնուող Ռաշիտիէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ գոյութիւն ունի հայկական եկեղեցի մը, որուն մասին համարեայ ոչինչ գիտենք:

Հակառակ այն իրողութեան որ հայրս ու ես Հարաւային Լիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած ենք, մինչեւ օրս լսած չէինք այս յուշարձանին մասին: Ուստի, առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցած հակիրճ նշմարները պատճառ հանդիսացան, որ մեր մէջ արթննայ մեր գաղթական անցեալէն մնացած այս մասունքը փնտռելու եւ յայտնաբերելու կամքը:

Արդարեւ,  հակառակ Հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող պատերազմական անապահով պայմաններուն, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, հօրս` Սամուէլ Գիզիրեանին հետ ուղղուեցանք դէպի Ռաշիտիէ գաղթակայան: Նախօրօք կապ հաստատած էինք լիբանանեան բանակի ապահովական պատասխանատուներուն հետ, որոնք, իմանալէ ետք մեր բարի դիտաւորութիւնը,  պատրաստակամութիւն յայտնած էին ոչ միայն ապահովել մեր երթեւեկը, այլ նաեւ գաղթակայանի ներքին ապահովութեան հսկող պաղեստինեան ուժերուն հետ համադրել գաղթակայան մեր ապահով մուտքն ու ելքը։

Եւ այսպէս, լիբանանեան բանակի ապահովական ուժերուն ընկերակցութեամբ հասանք գաղթակայան, ուր մեզ սիրով ու յարգանքով դիմաւորեցին պաղեստիեան ապահովական ուժերու ներկայացուցիչները:

Ռաշիտիէ գաղթակայանի հին բաժինը, որ հայ գաղթականներուն  յատկացուած էր ֆրանսական հոգատար կառավարութեան կողմէ` 1930-ական թուականներուն, եւ ուր կը գտնուի եկեղեցին, մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր հեռու էր մեր հանդիպման կէտէն: Հետեւաբար, մեր ճամբան շարունակեցինք պաղեստինեան ապահովական ուժերու ընկերակցութեամբ եւ ի վերջոյ հասանք եկեղեցի, որուն մուտքին մեզի կը սպասէին գաղթակայանի ապահովական մարմնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները:

Սիրալիր ու ջերմ էր ընդունելութիւնը, եւ հայութեան նկատմամբ  յարգալից ու եղբայրական էին անոնց արտայայտութիւնները: Անոնք ծանօթ էին մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գիտէին, թէ իրենցմէ առաջ, ջարդուած ու հալածական  հայ ժողովուրդի բեկորներն ալ անցած էին այստեղէն ու իրենց քրտինքով այս ճախճախուտ տարածութիւնը վերածած էին բնակավայրի:

Անոնք գոհունակութեամբ յիշեցին,  թէ հակառակ այն իրողութեան որ շրջանին մէջ ներկայիս հայեր չկան, անցնող տասնամեակներուն, կողքին գտնուող նորակառոյց մզկիթին նման, յարգանքով պահած ու պաշտպանած են եկեղեցւոյ կառոյցը, որովհետեւ կը հաւատան իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:

Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմէն կ՛անցնի գաղթակայան տանող մայրուղին, իսկ  շուրջբոլորը գտնուող տարածքը ենթակայ է գաղթակայանի ապահովութեան հսկող ուժերու հակակշիռին:

Պահը յուզիչ է: Կը դիտեմ շուրջս:

Հակառակ ժամանակին պատճառած մաշումին, հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն ու հակառակ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած մեծ վնասներուն, ճահճային այս հողին վրայ հայ բանուորներու ու ճարտարապետներու հնարքներով շինուած քարապատ եկեղեցւոյ կառոյցը տակաւին կանգուն է:

Եկեղեցի մտանք համարեա ծունկի` ետեւի պատին վրայ գոյացած ճեղքէ մը, որովհետեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքը փակուած էր երկաթեայ դուռով: Հասկնալի պատճառներով, բոլոր պատուհանները անպաճոյճ ձեւով փակուած են աղիւսով կամ փայտէ փեղկերով: Ներքին պատերուն մեծ մասը, ներառեալ խորանի բաժինը, ծեփուած են, սակայն այնտեղ չեն երեւիր սրբապատկերներ կամ այլ քրիստոնէական խորհրդանշաններ:

Ապահովական պատճառներով, չկրցանք եկեղեցւոյ ներքնամասը նկարել ու նաեւ կարելի չեղաւ տանիք բարձրանալ:

Այցելութիւնը աւարտած էր: Պաղեստինեան ապահովական պատասխանատուներուն մեր շնորհակալութիւնները յայտնելով, հրաժեշտ տուինք գաղթակայանին եւ միացանք գաղթակայանի մուտքին մեզի սպասող լիբանանեան բանակի պատասխանատուներուն:

Գացինք, քալեցինք մեր գաղթական ժողովուրդին անցած ուղիներէն ու մեզի ժառանգ մնացած կիսաւեր եկեղեցւոյ մէջ մեր նախնիներուն յիշատակով օրհնուեցանք:

Ռաշիտիէի գաղթակայանէն սկսանք, բայց պէտք չէ հոս կանգ առնենք:

 

Սերոբ Սամուէլ Գիզիրեան

Ճարտարագէտ

«Ազդակ»