image

Տրապիզոնի Կաթոլիկ վարդապետը սպաննած ոճրագործը ազատ արձակուած է

Տրապիզոնի  Կաթոլիկ  վարդապետը սպաննած  ոճրագործը ազատ արձակուած է

Տրապիզոնի մէջ կաթոլիկ վարդապետ Անտրէա  Սանթորոն  սպաննած  ոճրագործ՝ Օկիւզհան Աքտինօրերս ազատ արձակուած է: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ 18  տարուան բանտարկութեան   պատիժ ստացած   26-ամեայ   Աքտին,  10 տարի   բանտարկուած մնալէ ետք ազատ արձակուած է: Կը նշուի, որ  Աքտին  ազատ արձակուած է օգտուելով անցնող 15 յուլիսի յեղաշրջումէն ետք Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ հրապարակուած համաներման օրէնքէն: Մինչ Վատիկան  մինչեւ այս  պահը չէ արձագանգած եղածին, Տրապիզոնի  Կաթոլիկ  համայնքի  ներկայացուցիչներ որոշած են բողոքի երթ  մը կայացնել՝ դատապարտելու համար երկրի դատական մարմիններուն այս   որոշումը: Յիշեցնենք, որ Աքտին Կաթոլիկ վարդապետը սպաննած էր  վերջինիս ծառայած Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ,  ու «Ալլահ ու աքպար» («Աստուած  մեծ է» խմբ.)  պոռալէ  ետք  կրակ բացած էր անոր ուղղութեամբ: