image

Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (գ)

Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (գ)

  Քանի մեր բերած իրանական փոխառութիւնները ընդհանրապէս  ժողովրդախօսակցական բնոյթ ունին, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ ձեւ ու տեսք ունեցած են անոնք իրենց փոխառութեան  օրերուն՝ յարաբերաբար փոխատու լեզուներուն՝ պարսկերէնին եւ պահլաւերէնին:

Մեծաթիւ օրինակներ ցոյց կու տան, որ մեր փոխառութիւնները միշտ նոյնահունչ  չեն եղած փոխատու լեզուի բառերուն հետ. հետաքրքրուողը կրնայ աչք մը նետել անոնց  ընդհանուր ցանկին վրայ:

Ստորեւ  քանի մը յատկանշական նմուշներ:

հայերէն պարսկերէն պահլաւերէն

ազատ āzād āzāt

բարձ bāliš barz

բամբակ panba pambak

անոյշ nōš anōš

ամբարտակ anbārd anbārdak

գաւազան gāvzana gavāzan

անապատ nā-ābād anāpāt

օշարակ afšara afšarak

Գոհանանք այսքանով:

Առաջին նուագ նկատելի է այն սերտ առնչութիւնը, որ կը գտնուի պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի միջեւ. չմոռնանք՝ վերջինը մէկ բարբառը կամ մէկ տեղական խօսուածքն էր պարսկերէնին՝ պահելով հանդերձ որոշ ինքնուրոյնութիւն մը, որ շատ չի տարբերեր զինք մայր լեզուէն:

Յաջորդ նկատելի կէտը այն բացայայտ նախասիրութիւնն է, որ հայերէնը ցուցաբերած է պահլաւական տարբերակներուն հանդէպ:

***ազատ — ճշգրիտ պատճէնն է պահլաւականին՝ իր վերջի t  հնչիւնով, որ համարժէք է մեսրոպեան տ հնչիւնին, որ կը գտնենք ազատ-ին մէջ:

***բարձ — շատ հեռու է պարսկականէն եւ իր կարգին գրեթէ  կը նոյնանայ պահլաւականով. ասոր վերջի z հնչիւնը շատ յաճախ հայերէն տուած է ձ. օրինակ՝  darzak/դերձակ, varz/վարձ  եւ այլն:

***բամբակ — պարսկականը երկու կէտով կը տարբերի հայերէնէն, մինչ պահլաւականը կատարելապէս  կը համապատասխանէ  հայկականին:

***անոյշ —  մեր տկար գիտութեամբ միշտ ենթադրած ենք, թէ հայերէն անոյշ-ը  նոյն պարսկական nōš-ն է, որուն սկիզբը  հայերէնը աւելցուցած է ա մը:  Եւ ահա  կը նկատենք, որ մերը  հարազատ փոխառութիւն է պահլաւականէն, ուր ան արդէն օժտուած է բառասկիզբի  ա-ով:

Գիտնանք միայն,  որ իրանական ō -ն, որ երկար օ մըն է, հայերէն կու տայ ոյ երկբարբառը. օրինակ՝  gōn/գոյն, gōš/զգոյշ, kōd/կոյտ. իսկ š   գրադարձական միջազգային այբուբենի շ հնչիւնն է:

***ամբարտակ — սա իր կարգին աւելի հարազատ է պահլաւականին, որուն բառասկիզբի an-ը՝ հայերէն տուած է ամ, որովհետեւ հայը բ, պ, փ պայթականներէն առաջ չի կրնար արտասանել ն, եւ  զայն կը վերածէ մ-ի: 

*** գաւազան — հոս ալ նախապատիւը կը մնայ պահլաւական տարբերակը իր վերջին սղած ա ձայնաւորով:

Գիտնանք, որ ā  իրանական երկար ա ձայնաւորն է, որ հայերէն միշտ տուած է պարզ/կարճ  ա:

***անապատ — կառոյցով ածանցաւոր բառ մըն է այս ան ժխտական նախամասնիկով եւ ապատ արմատով,  որ կը նշանակէ շինութիւն, բնակութիւն: անապատ-ը մտածուած է իբրեւ շինութենէ ու բնակութենէ զուրկ տարածք:

Ինչպէս կը տեսնենք պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի մէջ բառս ունի նոյն յղացքը. ասոնք կը տարբերին միայն  նախածանցի ձեւով ու դիրքով,  որ պարսկերէնի մէջ na է, մինչ պահլաւերէնի մէջ հակառակը՝  an  է. հայերէնը  հետեւած է այս վերջինին եւ ոչ միայն այս բառին մէջ, այլ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք կը սկսին ան ժխտական նախածանցով, որ կը դրուի   գոյականներու եւ ածականներու  վրայ ՝ անարդար, անբան, անմիտ, անհաճոյ եւ այլն:

***օշարակ —  որքան մօտ են իրարու պարսկերէնն ու պահլաւերէնը, հայերէնը ընտրած է սակայն երկրորդը՝ իր k/կ վերջաւորութեամբ:  Միայն թէ պէտք է գիտնալ հետեւեալը. իրանական f   հնչիւնը հայերէն տուած է ւ , եւ առաջին նուագ ունեցած ենք աւշարակ, իսկ աւ > օ հնչիւնափոխութեամբ ստացած ենք օշարակ:

                                                                        *   *   *

Պատմական

Ինչպէս կը նկատէք, մինչեւ  հիմա մեր մէջբերած բոլոր հայերէն բառերը,  իրենց պատմական  հազարամեակներու տարազով, անփոփոխ  կիրարկութիւն ունին արդի հայերէնի մէջ եւս՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ. այսպէս էին անոնք անցեալին՝ գրաբարի մէջ, այսպէս են անոնք այսօր՝ աշխարհաբարի մէջ,   կարծես երէկ փոխառուած ըլլային անոնք, քանզի ոչ մէկ մաշում կը ցուցաբերեն: 

Այս բոլորը սակայն երեւութապէս միայն այսպէս է:

Իրականութիւնը քիչ մը ուրիշ է:

Մեր բառերը խորքին մէջ ապրած են երկու կեանքով՝ գրաւոր եւ բանաւոր:

Գրաւորը մեր մատենագրութեան լեզուն էր, որ կիրարկուեցաւ  մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսը, ուր տակաւին գրաբար հրատարակուող մամուլ  եւ գրաբար գրուող գիրքեր ունէինք: Գրաբար գրուող գիրքերն ու մամուլն ալ անվթար պահպանեցին Ե. դարու՝ Սահակի ու Մեսրոպի կիրարկած բառերը ու փոխանցեցին զայն գրաբարի քովն ի  վեր կազմուող աշխարհաբարին. այլ խօսքով աշխարհաբարը հարազատ ակունքէն խմեց իր ջուրը: 

Մինչ գրաւոր խօսքին զուգահեռ անդին կը շարունակէր իր կեանքով ապրիլ  աշխարհիկ՝ գաւառական հայերէն մը, ուր այդ նոյն բառերը հիմնովին աղաւաղուած էին. այս աղաւաղումին ահարկու տարողութիւնը կրնանք չափել թերթատելով Աճառեանի «Արմատական»-ը՝   այնտեղ ստուգելու համար   մեր բերած բառերու գաւառական  տարբերակներուն պարզած ահարկու   պատկերը:

Այլ խօսքով՝  մեր արդի գրական լեզուն իր պատմական  անաղարտութիւնը կը պարտի գրաբարին, ինչպէս նաեւ մեր լուսաւորիչներու պայծառամիտ հեռատեսութեան, որու շնորհիւ կարելի եղաւ թօթափել  մեր աշխարհիկ աղաւաղեալ լեզուն ապականող բոլոր խորթութիւնները եւ պատուաստել զայն տոհմիկ հայերէնի հազարամեայ գանձարանով` ի տարբերութիւն մեզ շրջապատող արդի լեզուներուն,  որոնցմէ բացարձակապէս ոչ մէկը  իր պորտակապը յաջողած է պահպանել իրեն ծնունդ տուող դասական տարբերակին հետ եւ որոնք ժամանակակից էին գրաբարին:

Տանք մէկ օրինակ միայն՝ երգել/cantare/chanter,  եւ տեսնենք տարբերութիւնը.

Գրաբարը կ’ըսէր              երգեմ-երգես-երգէ-երգեմք-երգէք-երգեն:

  Աշխարհաբարը կըսէ՝     երգեմ-երգես-երգէ-երգենք-երգէք-երգեն

Իտալերէնը  ամենամօտիկ արդի լեզուն է մայր լատիներէնին, որուն փայփայած ձագուկն էr ինք, իրմէ ետք ալ ֆրանսերէնը. 

Ահա արդիւնքը՝

Լատիներէնը կ’ըսէ՝         canto-cantās-cantat-cantāmus-cantātes-cantant.

Իտալերէնը կ’ըսէ՝         canto-canti-canta-cantiamo-cantate-cantano.

Ֆրանսերէնը կ’ըսէ՝         chante-chantes-chante-chantons-chantez-chantent

Հայերէնի մենաշնորհն է այս:

Հայ ժողովուրդըը իր 5.000-ամեայ պատմութեան մեծագոյն յաղթանակը տարաւ հէնց  19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ կորուստէ փրկելով եւ կերտելով գրական անաղարտ  աշխարհաբար մը, որ  այնքան հարազատ ու հաւատարիմ  է զինք սնուցող մօր՝ գրաբարին:

Այսօր, սակայն, վտանգուած  է այդ յաղթանակը՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս:

Ի Հայաստան՝ աւելի քան  ի սփիւռս, եւ ի սփիւռս՝ աւելի քան ի Հայաստան:

                                                                           *   *   * 

Յետագրութիւն

Այս օրերս շատ այժմէական է Պարսկաստանի նորընտիր նախագահի անուան  տառադարձութիւնը.  պարսիկները իրենք այս անունը կը գրենپزشکيان   եւ կ’արտասանեն Փեզեշքեան, այսպէս ալ կը գրեն օտարները՝ Pezeškian :

Սա պարսկերէն պատմական բիզիշկ-ն է, որ օրին հայերս արտասանած ու տառադարձած ենք բժիշկ ՝ զեղչելով առաջին ձայնաւորը, որ մեր սովորութիւնն էր. բաղդատել ՝

պարսկերէն հայերէն

դիրամ դրամ

հունար հնար

նիշան նշան

  Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ՝ հիմա չենք կրնար Բժիշկեան գրել. պարտինք յարգել իրենց  արդի  արտասանութիւնը եւ բոլորս   միանուագ  գրել  Փեզեշքեան :




armenag@gmail.com                                                                       Արմենակ Եղիայեան