Եագուպեան- Զուպրիկեան ընտանիքներէն ուրախ լուր ստացանք։
Օրերս Երեւանի մէջ Սուրբ Խորանին ընդառաջ գալով Յակոբ Եագուպեան եւ Գարուն Զուպրիկեան ուխտած են միասին շարունակել իրենց կեանքը։
Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է վերջերս՝ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ, ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ հոծ թիւով բազմութեան մը։ Իսկ խաչեղբայրութիւնը կատարած են Տիար Աւետիս Գասպարեան եւ Օրդ. Փաթիլ Եագուպեան։
Հայեցի կրթութեամբ տոգորուած երիտասարդները վստահօրէն պիտի շարունակեն իրենց ծնողներուն բռնած ճամբան եւ ապահովաբար պիտի կազմեն հայ ոգիով եւ քրիստոնէական հաւատքով տոգորուած ընտանեկան օճախ մը։
Յակոբ Եագուպեան հաստատուած է Տուպայի մէջ եւ ան ունի գործարարական աշխարհի փայլուն փորձ եւ մեծ յաջողութիւններ։
Մեր խնդակցութիւնները կը յղենք նորապսակ զոյգին, անոնց հարազատներուն եւ յատկապէս «Արեւելք»ի բարեկամներ՝ Տիարք Կիրակոս եւ Յակոբ Գույումճեան եղբայրներուն, որ նորապսակ Յակոբ Եագուպեանի քեռիներն են։
Բոլորին աչքը լոյս։
Լուրը՝ «Արեւելք»ի