Քուրսքի ուղղութեամբ յարձակողական գործողութիւնը կը շարունակուի. Զինուած Ուժերը վերահսկողութեան տակ առած է եւս 5 քառակուսի քիլոմեթր։
Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքի։
«Ուքրանիոյ զինուած ուժերը 24 ժամուան ընթացքին վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Քուրսքի շրջանի 5 քառակուսի քիլոմեթրը:
Քուրսքի ուղղութեամբ յարձակողական գործողութիւնը կը շարունակուի»,- յայտարարած է ան։