image

Բարեպաշտ եւ նուիրեալ. Էտուարտ Պապիկեանի յիշատակին

Բարեպաշտ եւ նուիրեալ. Էտուարտ Պապիկեանի յիշատակին

 Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի աւագ ներկայացուցիչներէն ՝ Էտուարտ Պապիկեանը (Ծնեալ Պէյրութ 1937-ին)։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Էտուարտ Պապիկեանի կեանքը հանրագումար մըն է նուիրումի եւ անկեղծ սիրոյ։ Ան կը պատկանի այն սերունդին, որ գրեթէ ոչինչէն սկսած է կեանքի իր ճամբորդութիւնը ու շնորհիւ իր աշխատասիրութեան կարողացած է շահիլ զինք ճանչցողներուն յարգանքն ու համակրանքը։

 Հանգուցեալին մասին ուշագրաւ վկայութիւն տուած են անոր զաւակները նշելով, որ Պապիկեան եղած է բարեպաշտ, նուիրեալ եւ շրջապատին օգտակար անձնաւորութիւն մը։ 

 Ըլլալով վարպետ երկաթագործ Պապիկեան իր բոլորանուէր կարողութիւնները դրած է ի սպաս մերպ եկեղեցիներուն եւ յաճախ առանց փոխարէնի նորոգած է մեր եկեղեցիներու խաչերն ու երկաթեայ սարքերը։

 87 Գարուններ բոլորած հայր մ՚ըլլալով ան իր սէրն ու գուրգուրանքը ցոյց տուած է իր սիրելի ընտանիքին ու այդ ոգիով ալ ապրած է մինչեւ իր կեանքի աւարտը։

Զինք ճանչցողները միշտ ալ բարիով պիտի յիշատակեն անոր անունը, իսկ զաւակներն ալ իրենց սրտին ու հոգիին մէջ պիտի պահեն ու պահպանեն իր բարի յիշատակը։