image

Երեւանը Պաքուին առաջարկած է ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր. Փաշինեան

Երեւանը Պաքուին առաջարկած է ստորագրել  խաղաղութեան պայմանագիր. Փաշինեան

Հայկական կողմը Ատրպէյճանին նոր առաջարկ ըրած է։ Այս մասին այսօր՝ 31 օգոստոսի մամլոյ ասուլիսին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, որ պաշտօնական Երեւանը Պաքուին առաջարկած է ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրի՝ մինչեւ հիմա համաձայնեցուած կէտերն իբրեւ պայմանագիր ու երթալ առաջ՝ շարունակելով դեռ չհամաձայնեցուած յօդուածներու քննարկումը։

«Առաջարկի էութիւնը հետեւեալն է․ խաղաղութեան պայմանագրի վերջին նախագծում ունենք 17 յօդուած, որից 13-ը լիարժէք համաձայնեցուած է, ներառեալ նախաբանը։ Եւս 3 յօդուած բաղկացած է մէկից աւելի նախադասութիւնից, եւ այդ յօդուածների մեծամասնութեան բառապաշարը համաձայնեցուած է։ Մեր առաջարկը հետեւեալն է․ վերցնել բոլոր համաձայնեցուած յօդուածներն ու ձեւակերպումները եւ դա ստորագրել որպէս խաղաղութեան պայմանագիր, որովհետեւ դա հենց խաղաղութեան պայմանագիրն է։ Ինչու՞ ենք մենք դա հնարաւոր համարում, որովհետեւ, ըստ էութեան, այդտեղ արձանագրուած են Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան բոլոր հիմնարար սկզբունքները», - նշեց ան՝ աւելցնելով, որ աշխարհի մէջ երբեւէ չի կրնար ըլլալ խաղաղութեան պայմանագիր, որ կու տայ բոլոր հարցերուն պատասխանները, ուստի հայկական կողմն առաջարկած է ստորագրել եւ վաւերացնել արդէն իսկ համաձայնեցուած կէտերը, իսկ մնացած հարցերու քննարկումը՝ շարունակել։

Վարչապետի խօսքով՝ այս պարագային արդէն իսկ համաձայնեցուած յօդուածներուն մէջ կայ մեքենականութիւն, որ հնարաւորութիւն կու տայ մշտական գոյութիւն ունեցող հարթակով քննարկել բոլոր հնարաւոր հարցերը, որոնք կապուած են խաղաղութեան պայմանագրի իրականացման հետ։

«Բացի այդ, ենթադրւում է, որ պայմանագրի ստորագրումից յետոյ նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուեն երկու երկրների միջեւ, ինչը լրացուցիչ պլատֆորմ (հարթակ) կը դառնայ բոլոր հնարաւոր հարցերի քննարկման համար», - աւելցուց ան։