image

Ուքրանիայէն կոչ՝ Մոնկոլիոյ. Ձերբակալել Փութինը

Ուքրանիայէն կոչ՝ Մոնկոլիոյ. Ձերբակալել Փութինը

Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ  ըրած է Մոնկոլիոյ իշխանութիւններուն կատարելու Միջազգային քրէական դատարանի հրամանը եւ ձերբակալելու Վլատիմիր Փութինը, որ մտադիր էր 3 սեպտեմբերին այցելել Մոնկոլիա։

Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ուքրանական կողմը նշած է, որ Փութին ռազմական յանցագործ է եւ յոյս յայտնած, որ Մոնկոլիոյ կառավարութիւնը, որ վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը, կը գիտակցի այդ։

«Ուքրանացի երեխաներու տեղահանումն ընդամէնը մէկն է այն բազմաթիւ յանցագործութիւններէն, որոնց համար Փութին եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան միւս անդամները պէտք է կանգնին արդարադատութեան առջեւ։

Այդ անձերը մեղաւոր են Ուքրանիոյ դէմ յարձակողական պատերազմի, ուքրանացի ժողովուրդի նկատմամբ վայրագութիւններու, սպաննութիւններու, բռնաբարութիւններու, կողոպուտներու, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու գնդակոծման եւ ցեղասպանութեան մէջ»,- ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Քրեմլինին չ'անհանգստացներ Փութինի այցը Մոնկոլիա, որ ստորագրած է Հռոմի կանոնադրութիւնը։