Ճառերը՝ այլոց գործած սխրանքներուն մասին յուշող, եւ միեւնոյն ատեն ուրիշներուն թելադրող, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն, ժամանակավրէպ են. ուր մնաց երբ ճառողը ո՛չ սխրանք գործած էր անցեալին, ո՛չ ալ ընելիքներու իր թելադրանքները ընելու կարողութիւնը ունի, որովհետեւ թուականը իր... վաղո՛ւց անցած է։
Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Ուտելիքը, տարբեր տեսակի՝ բուսական, կենդանական, մշակուած, պահածոյ, հացատեսակ, բոլո՛ր ուտելիքները, նոյնիսկ խմելիքները, ունին պիտանիութեան ժամկէտ՝ սկիզբ եւ որոշ ժամկէտ, թուական, որ անցնելէ ետք այդ ուտելիք/խմելիքը օգտագործելը ճիշդ չէ, վնասակար է նոյնիսկ։ Մարդ չկայ, որ գիտնալով եւ իր կամքով ժամանակը անցած ուտելիք կամ խմելիք կ՚ընդունի իր ստամոքսին, լեարդին, հաստ եւ բարակ աղիքներուն մէջ. ինչքա՛ն ալ այդ ժամանակը անցած բանը քաշողական ըլլայ, մատչելի, նոյնիսկ ձրի։
Նոյնն է պարագան այլ բաներու։ Օրինակ 2024-ին, անկարելի է որ տղամարդիկ հագուին «բաթելէֆան» տափատ, եւ իրենց մազերն ու զիլիֆները երկարեն 70-ականներու տղամարդոց պէս. ժամանակը անցա՛ծ է այդ մօտային։ Այդպէս հագնողի եթէ պատահիք, գիտէք ինչի տեղ կը դրուի ան...։
Նոյնն է պարագան այլ բաներու։ Հին բժշկութիւնը չի կիրարկուիր, հին աստղագիտութիւնը, հին մեթոտի հողագործութիւնը, մարտարուեստը, պարարուեստը, ամէ՛ն ինչ. հինը կը մնայ հին, եւ մարդկութիւնը կ՚ուղղուի դէպի նոր, աւելի կարճ, դիւրին, օգտակար, խնայողական, մէկ խօսքով՝ աւելի ձեռնտու գիւտերու որոնման ճամբով։
Այս ճամբուն վրայ եթէ տեսնես Օտեանի Ծապլվար ուղարկած Փանջունիին նման Փանջունի, որ հին մեթոտ կիրարկելով գլուխ կ՚արդուկէ, երկար բարակ թատերականացուած ճառեր կը խօսի, այդ ճառերուն անհասկնալի տողերը հոս հոն կը ղրկէ նո՛ր գոյքով՝ սոցիալական ցանցերով,
հին տեսակի ինքնաքարոզչութիւն կ՚ընէ, ինքնասիրահարուած ըլլալը չի կրնար ծածկել, ապա այդ միեւնոյն՝ վերը նշուած պարագաներու շարքէն պարագայ մըն է.- ժամանակը անցա՛ծ. արդիւնք չտուող, ոչ օգտակար, նոյնիսկ վնասակար։
Ճառերը՝ այլոց գործած սխրանքներուն մասին յուշող, եւ միեւնոյն ատեն ուրիշներուն թելադրող, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն, ժամանակավրէպ են. ուր մնաց երբ ճառողը ո՛չ սխրանք գործած էր անցեալին, ո՛չ ալ ընելիքներու իր թելադրանքները ընելու կարողութիւնը ունի, որովհետեւ թուականը իր... վաղո՛ւց անցած է։