Օրերս Պոլսէն ուրախ լուր ստացանք։
Իրենց ամուսնութիւնը կնքելով ընտանեկան բոյն մը կազմած են բնիկ պոլսեցի երիտասարդներ՝ Թայիս Գարաքիւթիւք ընդ Եորղոս Էզբրոտոմոս ամուսնացեալք։
Այս առթիւ կը բաժնենք ամուսնացեալ զոյգին ուրախութիւնը նախանշելով նաեւ անունը Պոլսահայ գրագիտուհի Լեռնա Գարագիւթիւքին, որ հարսի մայրն է։
Ստորեւ այդ բարի լուրին մասին «Մարմարա» պարբերականի լրատւութիւնը։
Թերթիս աշխատակից, հայերէնի երկարամեայ ուսուցչուհի Տիկին Լեռնա Գարաքիւթիւքի դուստրը՝ Օր. Թայիս Գարաքիւթիւք երէկ, 25 Օգոստոսին, եկեղեցական պսակով իր կեանքը միացուց յոյն համայնքէն՝ Պր. Եորղոս Էզբրոտոմոսի հետ։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Այա Թրիատա յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ։ Պսակէն ետք եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, շնորհաւորութեան մաղթանքներով։
ՄԱՐՄԱՐԱ եւս կը բաժնէ Տէր եւ Տիկին Զաքար-Լեռնա Գարաքիւթիւքի, Գարաքիւթիւք ընտանիքներու, Վիրոն-Տեսփինա Էզբրոտոմոսի, կնքամայր Մարիար Էզբրոտոմոսի, միւս բոլոր հարազատներու ուրախութիւնը եւ անխառն երջանկութեան մաղթանքներով կը շնորհաւորէ նորապսակ ամոլը։