image

Հալէպի հայկական համայնքի նուիրեալներէն՝ Տիար Յովսէփ Գատեհճեանի կորուստը

 Հալէպի հայկական  համայնքի  նուիրեալներէն՝ Տիար Յովսէփ Գատեհճեանի կորուստը

Սուրիան եւ Հալէպը հարուածած ծանրագոյն պատերազմը կը շարունակէ  տարածել իր տխուր հետեւանքները ու թերեւս մեր հայրենակիցին կեանքի վերջին տարիները պէտք է դիտարկել որպէս այդ պատերազմի բազմաբովանդակ տագնապներու մէկ  դառնոտ էջը: 

 

«Արեւելք» (Հալէպ)- Հալէպէն բօթ մը ստացանք։

Բուժման համար Լաթաքիա ուղեւորուած Յովսէփ Գատեհճեան  աւանդած է իր հոգին։

Տառապելով ծանր հիւանդութեամբ, ան մեկնած էր Լաթաքիա՝ իր հերթական բուժումը ստանալու համար, սակայն անոր յոգնատանջ մարմինը եւ եռանդուն սիրտը դադրած են բաբախելէ՝  ծանր վիշտի մէջ թողնելով հարազատները, զինք ճանչցած ու սիրած բարեկամներն ու մտերիմները։ 

Սուրիան եւ Հալէպը հարուածած ծանրագոյն պատերազմը կը շարունակէ  տարածել իր տխուր հետեւանքները ու թերեւս մեր հայրենակիցին կեանքի վերջին տարիները պէտք է դիտարկել որպէս այդ պատերազմի բազմաբովանդակ տագնապներու մէկ  դառնոտ էջը: 

Հակառակ անհատական մակարդակի վրայ կրած բոլոր տեսակի հարուածներուն՝ Յովսէփ Գատեհճեան  չէր  թերացած իր ազգային պարտականութիւններուն առընթեր։

 

Հալէպը հարուածի տակ առած պատերազմի ամէնաթէժ օրերուն  Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գտնուող կարի գործատունը  հրոյ ճարակ դարձաւ, որմէ ետք ալ ան մտաւ նոր ասպարէզի մը մէջ՝ դառնալով Հալէպի՝ անուն ունեցող «Արեւելք» տպագրատան տնօրէնը, միեւնոյն ժամանակ շարունակելով իր գործունէութիւնն ու պարտականութիւնները՝ կապուած Հալէպի Հայ Երիտասարդաց Միութեան։  

Համեստ էր, բոլորին ականջալուր, մեծին հետ՝ մեծ եւ փոքրին հետ՝ փոքր, ու այդ նկարագրին ճամբով ալ յարգուեցաւ ու սիրելի դարձաւ Հալէպի համայնքային բոլոր շրջանակներուն կողմէ։

Երբ օգնութեան մը կարիքը կար, ան ներկայ էր, երբ ընկերներ ու ծանօթներ կը դիմէին իրեն ամենատարբեր հարցերով՝ ան պատրաստակամ էր ու իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը հասնէր բոլորին։ 

Ու այս բոլորէն անդին, իր համար էական մնաց Հալէպի մէջ շարունակել ապրելու որոշումը, որ բաւականին դժուարին ու բարդ երեսակներով փուլ մըն էր։

Միութենական անդամուհի Թամար Աւետեանի հետ միասին կազմած բոյնը տուաւ երեք զաւակներ, որոնց աւագն արդէն ունի կղերականի կոչում եւ որպէս անդամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան՝ ծառայութեան կոչուած է Թեհրանի Հայոց Թեմէն ներս։

 

Հանգուցեալ Յովսէփ Գատեհճեանի    մասին կարճ մահագրութիւն մը ներկայացուցած է Բերիոյ Թեմի դիւանը, որուն ամբողջութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝ մեր ցաւակցութիւնները յղելով հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր տիկնոջ՝ Տիկն. Թամար Աւետեան-Գատեհճեանին,  զաւակներուն եւ  որդւոյն՝ Հայր Առաքել աբղ. Գատեհճեանին, ինչպէս նաեւ քենիին , հալէպահայ գրագիտուհի՝ Պերճուհի Աւետեանին։

 

 

ՄԱՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգային Վարչութիւնը եւ Ազգային Կրօնական Ժողովը, Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրերն ու քահանայ հայրերը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն՝     Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեանի հօր՝ Յովսէփ Գատեհճեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 8 Օգոստոս 2024-ին, Լաթաքիոյ մէջ:

 

Հանգուցեալ Յովսէփ Գատեհճեան երկար տարիներ Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական Խորհուրդի անդամ եղած է եւ նուիրումով ծառայած է Թեմի «Արեւելք» տպարանէն ներս։ Երկար տարիներ վարած է նաեւ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան հաշուապահութեան պաշտօնը: 

 

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք Գատեհճեան ընտանիքին, Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեանին եւ հանգուցեալի հարազատներուն, աղօթելով առ բարձեալն Աստուած, որ հանգուցեալի հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ Երկինքի Արքայութեան արժանացնէ:

 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցէ: