image

Թուրքիա կը խոչընդոտէ հրադադարը.SkynewsArabic

Թուրքիա կը  խոչընդոտէ  հրադադարը.SkynewsArabic

«Սքայ Նյուզ Արապիք»  կը գրէ.

 

Մէկ շաբաթ հայկական ուժերուն դէմ ծանր մարտերէն ետք , շաբաթ օր Թուրքիան, որ Ատրպէյճանին կ'աջակցի մերժեց «մակերեսային» պահանջքները Կովկասի հարաւին մէջ զինադադար հաստատելու:

Հակառակ Ռուսիոյ, ԱՄՆ.ի եւ Ֆրանսայի կոչերուն հակամարտող կողմերուն՝ դադրեցնելու մարտերը, Թուրքիան կրկին անգամ զօրաւոր կերպով սատարեց Ատրպէյճանին եւ կրկնեց իր նկարագրածով՝ հայ «գրաւողներու» հեռացումին անհրաժեշտութիւնը:

Իր կողմէն, Ուրբաթ օր Հայաստանը յայտարարեց, թէ երեք մեծ պետութիւններուն հետ պիտի աշխատի զինադադարի հասնելու համար, սակայն Թուրքիոյ Նախագահ՝ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան ըսաւ, թէ իրենց խաղաղութիւն հաստատելու մէջ դերակատարութիւն պէտք չէ ունենան, եւ աւելցուցած, թէ Անգարան Կովկասի «ճնշուածներուն» կը սատարէ:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար՝ Մեւլուտ Չաուշօղլուն Իտալական «Լա սթամբա» պարբերականին ըսաւ, թէ Ռուսիա կրնայ զինադարար հաստատելու միջնորդի դեր կատարել այն պարագային միայն, «եթէ անկողմնակալ է»:

«Ռօյթըրզ» յենուելով Չաուշօղլուին, կը փոխանցէ. «Մակերեսային կոչերը զինադադար հաստատելու եւ վերջնականապէս դադրեցնելու կռիւները, այս անգամ անօգուտ պիտի ըլլան»:

Մոսկուան պաշտպանողական համաձայնագիր ունի Հայաստանի հետ, սակայն միաժամանակ լաւ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ:

Ղարաբաղի իշխանութիւնները Շաբաթ օր յայտնեցին 51 նոր զոհուածներու մասին, ինչը թիւի սուր աճ   կը համարուի մէկ շաբաթէ  ի վեր    ընթացող  ծանր մարտերուն  առընթեր։