image

Շարըհ չի բացառեր, որ Թուրքիա նոր ռազմական գործողութիւն կրնայ սկսիլ քրտական ուժերուն դէմ

Շարըհ չի բացառեր, որ Թուրքիա նոր ռազմական գործողութիւն կրնայ սկսիլ քրտական ուժերուն դէմ

Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարըհ չէ բացառած, որ Թուրքիան կրնայ դեկտեմբերէն ետք ռազմական գործողութիւն սկսիլ քրտական «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու դէմ, եթէ անոնք չմիանան սուրիական բանակին։

Ըստ «Türkiye Today»-ի՝ Շարըհ յայտարարած է, որ «Թուրքիան կրնայ դիմել ռազմական միջոցներու», եթէ «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու հետ կնքուած համաձայնագիրը չիրականացուի։ Ան նշած է, որ Մարտ 10-ին քրտական ուժերը համաձայնագիր ստորագրած են Սուրիոյ անվտանգութեան ուժերուն համարկուելու վերաբերեալ։ Սակայն, ժամանակաւոր նախագահի խօսքով, «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու մէջ որոշ խմբաւորումներ խափանած են համաձայնագրի իրականացումը եւ դանդաղեցուցած գործընթացը։

Շարըհ ընդգծած է, որ «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը, «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ուն հետ կապուած իրավիճակը սպառնալիք է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Իրաքի համար»։ Անոր խօսքով՝ Դամասկոս մինչեւ այժմ յաջողած է համոզել Անգարան՝ զերծ մնալու «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»ու դէմ ռազմական գործողութիւններէն։ Սակայն, «եթէ համարկումը չկայանայ դեկտեմբերին, Թուրքիա կրնայ ձեռնարկել ռազմական գործողութիւններ», — ըսած է ան։

 

Պետութեան ժամանակաւոր ղեկավարը նաեւ յայտարարած է, որ «Սուրիոյ մէջ քիւրտերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ հաւասարութեան ապահովումը» իր «գլխաւոր սկզբունքն է»։ «Ես քիւրտերու իրաւունքներով աւելի մտահոգուած եմ, քան որեւէ մէկը»,- աւելցուցած է Շարըհ։