Թուրքիան մինչեւ տարեվերջ պիտի սկսի 4-օրեայ աշխատանքային շաբթուայ անցնելու փորձնական նախագիծ: Այս մասին հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները:
Մասնագէտները նշած են, որ փորձնական ծրագրերը հիմնական պիտի մեկնարկեն մանածագործվածքներու արդիւնաբերութեան եւ արտադրական գործարաններու ոլորտներու մէջ։
Նոր համակարգի համաձայն՝ աշխատանքային շաբթուայ ընդհանուր տեւողութիւնը պիտի մնայ 40 ժամ։ Այնուամենայնիւ, աշխատակիցները պիտի աշխատին օրական 10 ժամ՝ բաշխուած չորս օրուան ընթացքին։