image

Թուրք-քրտական բախումներ Տերսիմի մէջ, կան զոհեր

Թուրք-քրտական բախումներ Տերսիմի մէջ, կան զոհեր

Թուրքիոյ Թունճելի (Տերսիմ) նահանգի Փիւլումիւր շրջանին մէջ գտնուող Քըզըլմեսճիթ ձորին մէջ ամբողջ գիշերը բախումներ տեղի ունեցած են թուրքուժայիններու եւ Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան (PKK)զինեալներուն միջեւ:

Ըստ թրքական «Sondakika.com» լրատուական կայքին, բախումներու  հետեւանքով սպաննուած է 3 քիւրտ զինեալ, որոնցմէ մէկը եղած է «PKK»ի բարձրաստիճան հրամանատար:

Թունճելիի նահանգապետարանի տարածած յայտարարութեան մէջ կըտեղեկացուի, որ սպաննուած քիւրտ զինեալներէն երկուքը կին են:

Թրքական կողմի հնարաւոր կորուստներու մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր: