ԱՄԷ-ի Մօտ Լիբանանի դեսպանի աշխատանքային շրջանի աւարտով պայմանաւորուած Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Պատուիրակութեան մը գլխուն այցելութիւն տուած է Ապու Տապի քաղաքին մէջ գտնուող Լիբանանի դեսպանատուն։
«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ այցին մասին Թեմի պաշտօնական էջին տուած լրատւութիւնը։
Ա.Մ.Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ ազգ. վարչութեան ատենապետ պրն. Բագրատ Պալապանեանին եւ ազգ. կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի համաատենապետ պրն. Գրիգոր Մահսերէճեանին, երկուշաթի 30 Յունիս 2025ին այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանին բարի երթ մաղթելու, նկատի ունեանալով դիւանագիտական պաշտօնին աւարտը։
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց պրն. դեսպանին աւելի քան եօթը տարիներու մատուցած ծառայութիւնը, ընդհանրապէս Լիբանանի Հանրապետութեան եւ յատկապէս ցուցաբերած օժանդակութիւնը եւ զօրակցութիւնը ազգ. առաջնորդարանին եւ հայ համայնքին։ «Ձեր ծառայած եօթը տարիները հեշտ ու խաղաղ ընթացք չունեցան, Լիբանանը անցնող տարիներու բաւական վերիվայրումներէ անցաւ, սակայն դուք այն քիչ դեսպաններէն էիք որ հակառակ մարտահրաւէրներուն կարողութիւնը ունեցաք Ա.Մ.Էմիրութեան պետական զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը ապահովելու Լիբանանին։ Ձեր դրական կեցուածքը շօշափելի էր այս շրջանին մէջ հաստատուած հայ համայնքի նկատմամբ եւս, անմոռանալի հետք ձգեցիք մեր կեանքէն ներս ձեր մնայուն պատրաստակմութեամբ եւ օժանդակութեամբ, մեր սրտագին մաղթանքն է որ գալիք օրերուն յարատեւ վերելքի եւ աւելի բարձր պաշտօններու արժանանաք»
Պրն. Դեսպանը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան ողջունելով սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը ջերմ յարաբերութիւնները շարունակելու թեմի եւ կաթողիկոսարանի հետ։