Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ մայիս 12-ի երեկոյեան բախումներ սկսած են կառավարական զօրքերու եւ զինուած խմբաւորումներու միջեւ, յայտնած է meduza.io-ն։
Բախումներու ժամանակ, ինչպէս յայտնած է լիպիական «Ալ Ուասաթ» հեռուստաալիքը, Թրիփոլիի ռազմական շրջանի կազմին մէջ գտնուող 444-րդ մարտական զօրագունդի շտաբին մէջ սպանուած է Կայունութեան աջակցութեան վարչութեան ղեկավար Ապտել Ղանի ալ Քիքլին։
Reuters-ը պարզաբանած է, որ Կայունութեան աջակցութեան վարչութիւնը կը կառավարուի նախագահական խորհուրդի կողմէ, որ իշխանութեան եկած է 2021 թուականին Ազգային միասնութեան կառավարութեան հետ ՄԱԿ-ի կողմէ աջակցուող գործընթացի միջոցով։
Լիպիայի Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը, որ տեղակայուած է Թրիփոլիի մէջ, արտակարգ դրութիւն յայտարարած է մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած կատաղի բախումներէն ետք։
Լիպիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը քաղաքացիներուն կոչ ըրած է մնալու տունը՝ «իրենց անվտանգութեան համար»: Ականատեսները պատմած են, որ կրակոցներ լսած են Ապու Սալիմ եւ Սալահ Էտին շրջաններու մէջ: Թրիփոլիի համալսարանի նախագահութիւնը յայտարարած է բոլոր դասերու, քննութիւններու եւ վարչական աշխատանքներու դադրեցման մասին՝ մինչեւ հետագայ ծանուցումը։
Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը «հանգստութեան» կոչ ըրած է Թրիփոլիի մէջ լարուածութեան աճի մասին լուրերու լոյսին տակ՝ միանալով ՄԱԿ-ի առաքելութեան նմանատիպ կոչին: ՄԱԿ-ի առաքելութեան յայտարարութիւնն անյապաղ ապամագլցումի եւ «կառուցողական երկխօսութեան միջոցով» տարաձայնութիւններու լուծման կոչ ըրած է: