Վրաստանը կրկին փոթորկեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ, որ իշխանութիւնները որոշած են մինչեւ 2028 թուականը օրակարգէն հանել Եւրոմիութեան անդամակցելու շուրջ բանակցութիւնները։
Ամբողջ գիշեր Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ լարուած իրավիճակ եղած է։ Ռուսթաւելի պողոտային վրայ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ սկսած են։ Բողոքի ցոյցի մասնակիցներն աղբամաններ եւ անիւներ հրկիզած են։
Վրաստանի յատուկջոկատայինները քանդած են արեւմտամէտ ընդդիմութեան տեղադրած անցարգելները՝ ցուցարարները կեդրոնական հրապարակէն ետ մղելով ջրցան մեքենաներով եւ արցունքաբեր կազով։
Թիֆլիսի մէջ խորհրդարանի շէնքի մօտ հակակառավարական ցոյցի ժամանակ վիրաւորուած է Վրաստանի ՆԳՆ աւելի քան 30 աշխատակից։ Այս մասին ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: ՆԳՆ-ն յայտնած է նաեւ, որ հակակառավարական ցոյցը ցրելու ժամանակ բերման ենթարկուած է 43 ցուցարար։
Բողոքի զանգուածային ցոյցերէն ետք Վրաստանի խորհրդարանին մէջ անվտանգութեան ռեժիմ է
Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ՝ Ռուսթաւելի պողոտային վրայ, վերականգնուած է երթեւեկութիւնը։ Այստեղ երէկ գիշեր տեղի ունեցած է բողոքի զանգուածային ացոյց՝ մինչեւ 2028 թ․ աւարտը ԵՄ-ին անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները սառեցնելու մասին կառավարութեան որոշման դէմ։
Ռուսթաւելի պողոտային վրայ տեղակայուած խորհրդարանի շէնքին մէջ անվտանգութեան կարմիր ռեժիմ յայտարարուած է։
Ընդդիմադիր առաջնորդները կոչ կ՚ընեն կառավարութեան որոշման դէմ քաղաքացիներուն՝ կրկին հաւաքուելու խորհրդարանի շէնքի մօտ այսօր երեկոյեան։